Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, հովանաւորութեամբ Պսալիմի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իր աւարտին հասաւ քաղաքապետութիւններու տղոց խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցաշարքը:
Աւարտականին Մթայլեպ, 55-47 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մրուժի, տիրացաւ տիտղոսին:
Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան Պսալիմի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, Մրուժի քաղաքապետ Էլի Տաղեր, Մթայլեպի քաղաքապետ Փոլ Շըտիտ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանի եւ Շարպել Ռըզք, մարզական լրագրողներ եւ մեծաթիւ հանդիսատեսներ:
Մրցումները տեղի ունեցան Պսալիմի քաղաքապետութեան դաշտին վրայ` մասնակցութեամբ 16 խումբերու, Լիբանանի բոլոր շրջաններէն:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին տրուեցան նաեւ տարբեր տեսակի մրցանակներ` հետեւեալ ձեւով.
Զիատ Հաննա (Պսալիմ)` Սթիլ, Էտի Տաղեր (Մրուժ)` ռիպաունտ, Ռապիհ Հաթում (Համմանա)` սքորըր, Ռըմէյշի քաղաքապետութիւն` լաւագոյն մարզական ոգի, Շարպել Ռըզք (Համմանա)` էսիսթ, Նեսիմ Ֆարժալլա (Մրուժ)` լաւագոյն մարզիչ, Ռաուատ Իտ (Մթայլեպ)` լաւագոյն մարզիկ: