Այսօր ժամը 20:30-ին, Մըզհերի «Աղբալեան -ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը պիտի հիւրընկալէ Հուփսը ` 2025-2026 տարեշրջանի ախոյեանութեան բացման մրցումին:
ՀՄԸՄ պիտի փորձէ յաղթանակով սկսիլ ախոյեանութիւնը, որ այս տարի շատ բարձր մակարդակի պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ բոլոր խումբերն ալ առաւելութիւն ունին 3 օտար մարզիկներով դաշտ ներկայանալու, բան մը, որ շատ պիտի օգնէ նոյնիսկ «տկար» խումբերուն, որոնք նոյն մակարդակի պասքեթպոլ կրնան ցուցադրել, մանաւանդ եթէ օտար մարզիկներուն մակարդակը բարձր ըլլայ:
ՀՄԸՄ արդէն իսկ անցեալ տարեշրջանի Ճորտըն Սթիվընզ-Թայըր Պէյ զոյգը պահած է, որոց հետ Խալիտ Թոմաս մրցումէ մրցում կը փորձէ «ընտելանալ»:
Ահմետ Իպրահիմ, որ «Չելենճ Քափ»-ի աւարտականի առաջին մասին իսկ վիրաւորած էր իր ձեռքը, ապաքինելու ընթացքի մէջ է եւ պիտի փորձէ մասնակցիլ: Կապրիէլ Աճէմեան վստահաբար բաւական վարժուած պէտք է ըլլայ մթնոլորտին վերամիանալով` նկատի ունենալով, որ ան ամէնէն ուշ միացող մարզիկն էր խումբին:
Համակիրներէն կը սպասուի տարեշրջանի առաջին մրցումին լաւ մթնոլորտ ստեղծել` խումբին նորեկները քաջալերելով եւ ոգեւորելով լաւ տարեշրջան մը ունենալու:
Նշենք, որ ախոյեանութեան բացման մրցումին, Շանվիլ բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Անթունիէի վրայ, այս վերջինիս դաշտին վրայ, 95-98 արդիւնքով:
Անթունիէ ամբողջ մրցումին մնաց Շանվիլի մօտ, բայց սենթըր Հենրի Սիմզ-Սթետմըն Լեմըն – Ճեվիըն Պլէյք եռեակը (24 -18-15) 57 կէտ նշանակեց ի նպաստ Շանվիլի, մինչ Ռիքի Լիտօ – Կլեն Քոզի – Քլինթ Չեփմըն եռեակը 56 կէտ նշանակեց ի նպաստ Անթունիէի: Չնչին առաւելութիւնը Սենթըր Սիմզի շնորհիւ էր, որ Չեփմընի վրայ աւելի կրցաւ գերակայել` առիթ տալով իր խմբակիցներուն, որ փայլին, անշարժացնելով Չեմփընը: