Լիբանանի ռելիներու նախկին ախոյեան Նեպիլ Քարամ, որ գրեթէ իւրաքանչիւր տարի կը հաստատէ նոր մրցանիշներ, եւ անոր լուսանկարները կը զետեղուին «ԿԻՆԵՍ»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ, հաստատած է նոր մրցանիշ մը` հաւաքելով ամէնէն շատ դրոշմաթուղթերը, որոնց վրայ զետեղուած են աշխարհի չորս ծագերէն տարբեր ինքնաշարժներու լուսանկարներ:
Այս նոր մրցանիշին պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 1 նոյեմբերին, անոր գործարանին մէջ (Զուք Մոսպեհի շրջան)` ներկայութեամբ «ԿԻՆԵՍ» համաշխարհային մրցանիշներու գիրքի ներկայացուցիչին: