Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու 31-րդ ախոյեանութիւնը այսօր վերջ կը գտնէ, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցումը` մրցաշարքը հիւրընկալող Պէյրութի եւ եգիպտական Իթթիհատ Իսքանտարիի միջեւ:
Երէկ տեղի ունեցած կիսաւարտականի առաջին մրցումին չորս անգամ այս տիտղոսին տիրացած Իսքանտարի բաւական մեծ արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ափրիկէի ախոյեան, մարոքեան Ժամհիեթ Սալան` 85-58 արդիւնքով:
Մրցումին եւ Իթթիհատի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թոտ Օպրայըն (24):

PROFOTO
Աւարտականին Իսքանտարի իր դէմ պիտի ունենայ հիւրընկալ խումբը` Պէյրութը, որ 85-77 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ի դէմ (19-17, 12-15, 22-31, 32-14)` մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան:
ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ եւ Քրիս Ճոնսըն նշանակեցին 19-ական կէտ, մինչ Էլի Ռըսթոմ եւ Էլի Սթեֆան` 13-ական:
Իսկ Պէյրութէն Քայլ Հանթ նշանակեց 24 կէտ, Քրիս Քրոֆորտ` 19, մինչ Ալի Հայտար տապըլ տապըլ մը իրագործեց (23 կէտ, 11 ռիպաունտ):
ՀՄԸՄ նշանակեց 13 թրի փոյնթ (34 փորձերէ ետք), մինչ Պէյրութ` 6 (26 փորձերէ ետք):