Կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին ՀՄԸՄ – Ռիատի մրցումը:
Այս ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 21:30-ին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այս մրցումին գծով կատարեց յատուկ կարգադրութիւններ:
Նախ եւ առաջ, իւրաքանչիւր ակումբի տրամադրուած պիտի ըլլան միայն 1500 տոմսակներ, որոնք համակիրները կրնան գնել իրենց ակումբներէն:
Իւրաքանչիւր ակումբ պատասխանատու է իր համակիրներու վարուելակերպին` նկատի ունենալով, որ որեւէ անկարգութեան, ինչպէս նաեւ մրցումին հեզասահ ընթացքը խանգարելու որեւէ փորձի եւ ոչ մարզավայել արարքներու պարագային, պիտի տուժեն այդ համակիրներուն ակումբները` ստանալով համապատասխան պատիժներ եւ տուգանքներ:
Այս բոլորէն մեկնելով ֆետերասիոնը երկու ակումբներուն ալ կոչ ուղղեց իրենց համակիրները զսպելու: