ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերոջ`
ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զապէլ Աւետանեան եւ զաւակները` Աւօ, Հրակ եւ Ռիթա
Տէր եւ տիկին Գօգօ Աւետանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Աւետանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ Աւետանեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Անահիտ Գաւլաքեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Գաւլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մեսրոպ Գաւլաքեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վազգէն Գաւլաքեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սագօ Գաւլաքեան եւ զաւակունք (Յունաստան)
Աւետանեան եւ Գաւլաքեան ընտանիքներ
Կիւլեան եւ Գասապեան ընտանիքներ
Օգճեան եւ Նոխուտեան ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Պապիկեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1951-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 13 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ կիրակի, 14 հոկտեմբերին, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Վաղամեռիկ ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան ԺԷ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Վաղամեռիկ ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի մահուան ԺԷ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ ՖՈՆՏ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այս տարեշրջանին նոր եւ նախկին սաներու համար արձանագրութիւնները կը սկսին 16 հոկտեմբերէն մինչեւ 17 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, ամէն երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը:
ԿԱՐԵՒՈՐ.-
1.- Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ հայկական դպրոց մը արձանագրուած ըլլալու փաստաթուղթ մը:
2.- Վերոյիշեալ թուականէն ետք ներկայացուած դիմումնագիրները պիտի մերժուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԲԱՌԱՄԹԵՐՔԷՆ, ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐԷՆ, ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԷՆ, ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՓՈՒՆՋ ՄԸ»
(ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԻՐ ՔԱՐՈԶՆԵՐԷՆ, ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԷՆ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ)
***
Ո՞Վ Է ԻՐԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ
(ՔԱՂՈՒԱԾ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՔԱՐՈԶՆԵՐԷՆ, ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԷՆ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ)
ՀԱՒԱՔԵՑ, ԸՆՏՐԵՑ ԵՒ ԽՄԲԱԳՐԵՑ`
ՀՐԱՉ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
2018
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, 137 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ + կառատուն: Հեռ. 01-241636 (առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00) կամ 71-647181 (կէսօրէ ետք):
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Զալքա, Պիյաքութ, 180 քառ. մեթր, 3-րդ յարկ, 3 ննջասենեակ եւ յարակից մասեր, 2 կառատուն: Դիմել` հեռ. 03-980775:
—————————————
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018