Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) 39 թեր եւ 7 դէմ ձայներով որդեգրած է գերմանացի ընկերվարական Ֆրանք Շվապէի պատրաստած բանաձեւը, որ կը վերաբերի չճանչցուած պետութիւններու կամ այսպէս կոչուած «գորշ գօտիներու մէջ» մարդու իրաւունքներու մնայուն հսկողութեան: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան, ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան:
«Տեւական, համակարգուած ու խմբային աշխատանքի իբրեւ արդիւնք յաջողեցանք ո՛չ միայն չէզոքացնել ի սկզբանէ զեկուցումի նախագիծին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդրայարոյց ձեւակերպումները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախին, այլ նաեւ հասնիլ այն բանին, որ որդեգրուած բանաձեւին մէջ, ըստ էութեան, արձանագրուեցաւ, որ վեհաժողովը կ՛ողջունէ Արցախի իշխանութիւններու` Եւրոպական խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմիններու հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը` մնայուն հսկողութեան առարկայ դարձնելու Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը:
«Բանաձեւի քուէարկութեան արդիւնքները առաւել քան խօսուն են. բանաձեւին դէմ քուէարկեց միայն ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը` դարձեալ ինքզինք հակադրելով վեհաժողովին եւ սրելով ԵԽԽՎ-ի մէջ իր մեկուսացուածութիւնը», գրած է պատգամաւորը:



