Երէկ` հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ սկսաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անոր տիկինը` Աննա Յակոբեան, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը եւ անոր ամուսինը մինչեւ վեհաժողովի պաշտօնական բացումը Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ դիմաւորած են Հայաստան հասած ֆրանսախօս երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է պատուիրակութիւններու ղեկավարներու լուսանկարահանման արարողութիւն:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան, Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան կը գտնուին 84 երկրի պատուիրակութիւն: Վեհաժողովին կը մասնակցի 38 երկրի ղեկավար:
Վեհաժողովի օրակարգին վրայ է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարցը:
Վեհաժողովի թեման է` «Ապրիլ միասին` յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը` իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու շրջանին մէջ»:
Կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի լոկօ ընտրուած է նուռը` ի նշան ֆրանսախօս երկիրներու ամբողջ տարածքի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման:
Ճասթին Թրիւտօ. «Մարտահրաւէրները Կը Յաղթահարուին
Միայն Ու Միայն Միասին Ապրելու Միջոցով»
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ վեհաժողովի իր ելոյթին ընթացքին յիշեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը` ըսելով, որ ան մանրամասն կը տեսնէր ֆրանսերէնի բոլոր նրբերանգները եւ մշակութային նրբութիւնները:
«Ես կը տեսնեմ, որ նոյն ոգին առկայ է այստեղ: Միասին մենք կրցած ենք ստեղծել շրջանակ մը, ուր մենք կ՛առաջնորդուինք իրար հանդէպ յարգանքով, շրջանակի մը մէջ, ուր մեր պետութիւնները կրնան զարգանալ, լսել իրար եւ այս ամէնը` ֆրանսերէնով», յայտարարեց Թրիւտօ` շարունակելով. «Այս վեհաժողովը տեղի կ՛ունենայ շատ կարեւոր պահու մը: Մենք պարտաւոր ենք վերաիմաստաւորել միասին ապրելու այս կարգախօսը, մարտահրաւէրները կը յաղթահարուին միայն ու միայն միասին ապրելու միջոցով»:
Վարչապետ Փաշինեան. «Կարեւոր Է, Որ Մենք
Համախմբուինք Համամարդկային Արժէքներուն Շուրջ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է ֆրանսախօս երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմով հանդիպումին, որուն ընթացքին կազմակերպութեան նախագահութիւնը Մատակասքարէն փոխանցուած է Հայաստանին:
Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Մենք լիովին կը գիտակցինք այն պատասխանատուութեան, որ այսուհետեւ կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` գալիք երկու տարիներուն ընթացքին այդ նախագահութիւնը ապահովելու համար: Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսախօս երկիրներու բոլոր անդամ երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն` վստահութեան համար: Կ՛ուզեմ նաեւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել եւ շնորհաւորել Մատակասքարի Հանրապետութեան` կազմակերպութեան մէջ իր կարեւոր նպաստը բերելու եւ այն ձեռքբերումներուն համար, որ ունեցած են»:
«Դիմագրաւելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց կ՛առճակատուին մեր հասարակութիւնները, կարեւոր է, որ մենք համախմբուինք մեր համամարդկային արժէքներուն շուրջ, միշտ ապահովենք յարգանքը մեր բազմազանութեան հանդէպ եւ խթանենք փոխանակումն ու համերաշխութիւնը ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի տարբեր հատուածներուն միջեւ: Այդ պայմաններուն մէջ է, որ «Ապրիլ միասինը» կրնայ ըլլալ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան աղբիւր ֆրանսախօս երկիրներու տարածքին մէջ: Ատիկա շատ գեղեցիկ ձգտում է, որ ցանկութիւն յառաջանայ գործել յանուն այն սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, որոնք կը բնութագրեն «Ապրիլ միասինը» եւ որոնք իրենց տեղը գտած են այն կոչին մէջ, որ մենք պէտք է ընենք», ըսած է վարչապետը:
«Բազմակողմանիութեան ճգնաժամին` մեր ցանկութիւնն է նաեւ աւելի ամրապնդել համագործակցութիւնը եւ քննարկումները Ֆրանսախօս երկիրներու եւ շրջանային ու ենթատարածաշրջանային կազմակերպութիւններու միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան, անվտանգութեան, կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարին, կայուն զարգացման կամ դարձեալ Մարդու իրաւունքներու յարգման հարցերուն, քանի որ այդ համագործակցութիւնը վստահաբար թոյլ կու տայ աւելի արդիւնաւէտ արծարծել այս հարցերը, իսկ կազմակերպութեան` շարունակել հաստատուիլ իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու դերակատար: Այս հրաւէրը` մտորելու այս հարցերուն շուրջ, մեր համաժողովի աշխատանքներու առանցքն է», յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան, ֆրանսախօս երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ երկխօսութեան խորացման վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Նիկոլ Փաշինեան երէկ նաեւ հանդիպումներ ունեցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլայի, Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելի եւ Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնի հետ:
Էմմանուել Մաքրոն. «Պէտք Է Ստեղծել Բոլորին
Սթափութեան Հրաւիրելու Իրավիճակ»
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնը ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի բացման արարողութեան:
Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձաւ Շարլ Ազնաւուրին` ընդգծելով, որ ան Հայաստանի, Ֆրանսայի, ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդանիշն է: «Ան երգի հսկայ տաղանդ էր, որ կ՛երգէր մեր երջանկութեան, դժբախտութիւններուն, կեանքի նկատմամբ մեր թեթեւ մօտեցումներուն մասին: Ան կ՛երգէր յատուկ թախիծով, որ իւրայատուկ է պանդխտութեան մէջ ապրող մարդոց: Մենք բոլորս գիտենք, որ ան հայ է, կ՛երգէր եւ կը պահպանէր հայկականութիւնը, կը խրախուսէր քաջութիւնը: Ամբողջովին ճանչնալով այն մեծ յանցագործութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, որուն զոհն էր նաեւ ինք, ես կ՛ուզեմ հնչեցնել այդ մեծ մարդուն անունը` Շարլ Ազնաւուր», ընդգծեց Մաքրոն:
Խօսելով վեհաժողովին` Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց, որ Երեւանի մէջ այսօր մեծ ընտանիք հաւաքուած է, ընտանիք, որ կը ներառէ բոլոր ցամաքամասերը: «Մենք բոլորս կը պատկանինք այդ ընտանիքին եւ չունինք մաշկի նոյն գոյնը, մեր աստուածները չեն կրեր նոյն անունները, ոմանք նաեւ Աստուծոյ չեն հաւատար: Մենք կ՛ապրինք շատ տարբեր կլիմայական պայմաններու մէջ, մեր երգերը նման չեն: Մենք ունեցած ենք նաեւ վէրքեր, որոնք նոր սկսած են փակուիլ: Այնուամենայնիւ, այս բազմազան ընտանիքը միասնական է` համախմբուած լեզուի մը շուրջ: Այս լեզուն մենք կ՛ընկալենք եւ կ՛արտայայտենք բազմազանութեամբ, սակայն բոլորս իրար կը հասկնանք: Այս լեզուն չի պատկանիր որեւէ մէկուն, անիկա բոլորինն է: Այս լեզուն կրցած է ընդունիլ բոլորին մտքերը: Մեր կապը կ՛արտայայտուի ո՛չ միայն այս լեզուին միջոցով, այլ աշխարհին ուղղուած մեր տեսլականով: Մեր տեսլականը պարբերաբար կը վերաիմաստաւորուի եւ կը թարմացուի: Եղբայրութիւնը, խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը կը կազմեն մեր կազմակերպութեան հիմնաքարերը», ըսաւ Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախագահին համաձայն, աշխարհը այսօր լի է սուտով, ատելութեան քարոզչութեամբ, այն կանոնները, որոնց շուրջ վերջին տասնամեակներուն կրցած են համախմբուիլ, այլեւս չեն գործեր. «Ի՞նչ կրնայ ընել Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը այս իրադարձութիւններուն ընթացքին: Այն, ինչ որ մենք պէտք է ընենք, հետեւեալն է` ստեղծել բոլորին սթափութեան հրաւիրելու իրավիճակ: Կազմակերպութիւնը պէտք է ըլլայ այն հարթակը, ուր կ՛արտայայտուի համախմբուած սթափութիւնը»:
Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Վեհաժողովի
Բացման Պաշտօնական Արարողութեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, երէկ, ներկայ եղած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` նախագահ Արմէն Սարգսեան զրուցած է վեհաժողովի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս` Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի, Մոնաքոյի արքայազն Ալպեր Բ.-ի ու այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:
Միքայէլ Ժան. «Հայոց Հողը Կրնայ Դառնալ
Երիտասարդութեան Եւ Յոյսի Խորհրդանիշ»
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի կարծիքով` Հայաստանն ու հայոց հողը կրնան դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Միքայէլ Ժան նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ: «Հայոց հողը` յոյսի եւ յիշատակի հողը, կրնայ դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ, որուն իրականացումը կախուած է ձեզմէ», դիմելով ներկաներուն` նշած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը:
Անոր համաձայն, Հայաստանի հողին վրայ ամէն ինչ կը պարտաւորեցնէ յիշել եւ յիշատակել: Միքայէլ Ժան շեշտած է, որ այս պահուն մտքերով Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր նահատակներուն հետ է, ինչպէս նաեւ այն մարդոց, որոնք յաջողած են փրկուիլ ու ողջ մնալ: «Հայաստանը այսօր կենդանի է եւ հարուստ: Հայաստանը հարուստ է իր սփիւռքով, որ տարածուած է աշխարհի մէջ: Շարլ Ազնաւուրն ալ այդպիսի հայ մըն էր: Այսօր Հայաստանի մէջ է ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը` աշխարհի 5 ցամաքամասերէն: Մեզի համար մեծ երջանկութիւն է հիւրընկալուիլ այստեղ: Ամէն ինչ հայոց հողին վրայ մեզ կը պարտաւորեցնէ յիշատակելու, միեւնոյն ժամանակ ամէն ինչ մեզ կը պարտաւորեցնէ սթափ ըլլալու», ընդգծած է Միքայէլ Ժան:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Տնօրէնը Կարեւոր Նկատեց
Ֆրանսերէնով Գիտական Հետազօտութիւններու Հրատարակութիւնը
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրէ Ազուլէ ֆրանսերէնով գիտահետազօտական աւելի շատ աշխատանքներու հրատարակման անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ: Անոր կարծիքով` անգլերէնը այս մարզին մէջ գերակշռութիւն ունի: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը նման տեսակէտ յայտնած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին:
«Կարեւոր կը նկատեմ գիտութեան դերը: Պէտք է շատ գիտահետազօտական աշխատանքներ ըլլան ֆրանսերէնով: Այստեղ անգլերէնի գերակշռութիւնը կ՛արձանագրենք: Այս խնդիրին պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք: Մեզի անհրաժեշտ են նաեւ ֆրանսերէնով աւելի շատ մամուլ, վաւերագրական, գեղարուեստական ժապաւէններ», ըսած է Ազուլէ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը բարձրաձայնած է նաեւ կրթութեան հասանելիութեան խնդիրը: Ան ընդգծած է յատկապէս կիներու եւ աղջիկներու համար բարձր կրթական մակարդակ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծած է, որ ներկայ եւ յաջորդ սերունդները պէտք է դիմակայեն շարք մը մարտահրաւէրներ` բնապահպանական, ժողովրդագրական: «Մեր պատասխանատուութիւնը այս ամէնուն համար շատ մեծ է: Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ մենք կրնանք շատ հարցերու պատասխաններ տալ», ըսած է Ազուլէ:
Ան կարեւոր նկատած է երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գործունէութեան: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը իր ելոյթին մէջ յիշատակած է նաեւ Շարլ Ազնաւուրը:
Ֆրանսայի Նախագահը Եւ Պելճիքայի Վարչապետը
Այցելած Են Ծիծեռնակաբերդ
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոն իր կնոջ հետ միասին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելած է նաեւ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել: Ան Պելճիքայի առաջին վարչապետն է, որ կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, վարչապետը նշած է, որ յուշահամալիր այցելութենէն ետք զգացողութիւնները շատ զօրաւոր էին:
Փաշինեանն Ու Մաքրոնը Մէկ Նամականիշով Գեղաթերթիկ Հրապարակեցին` Նուիրուած Շարլ Ազնաւուրին
Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի կողմէ հրապարակուեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ` նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Շարլ Ազնաւուր» թեմային:
Էմմանուել Մաքրոն. «Ֆրանսայի Մէջ Ապրիլի 24-ը Պիտի Յիշուի
Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր»
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուել Մաքրոնը, կնոջ` Պրիժիթ Մաքրոնի ընկերակցութեամբ Երեւանի մէջ գտնուող «Շարլ Ազնաւուր» կեդրոն այցելութեան շրջագիծին մէջ խօսած է այդտեղ մեծ երգիչին հետ չկայացած հանդիպումին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար Շարլ Ազնաւուրի մղած պայքարի մասին` նշելով, որ Ֆրանսայի մէջ ապրիլ 24-ը պիտի յիշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:
Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ Ազնաւուրի պայքարը նախ եւ առաջ Հայաստանի համար էր, որպէսզի հայ ազգը գլուխը բարձրացնէր` դիմակայելու համար պատմութեան վէրքերուն եւ յիշէր, թէ ո՛վ է ինքը` ոգի, որ յառաջ կ՛երթար:
Ֆրանսայի նախագահը աւելցուց, որ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովը պիտի մնայ Հայաստանի պատմութեան մէջ, եւ ան ցանկութիւն ունի վերադառնալու Հայաստան, որպէսզի շարունակէ տնտեսական, մշակութային եւ կրթական կապերու զարգացումը:
Կալա Համերգ` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
Երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կալա համերգը: Համերգի եզրափակիչ հատուածը նուիրուած էր աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին: Համերգին ներկայ գտնուած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին համար Երեւան հասած երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներն ու անդամները:












