«Սփորթ-Էս.» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Պարսելոնայի ֆրանսացի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել «Լա լիկա»-ի առաջին «Քլասիքօ»-ին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 հոկտեմբերին:
24 տարեկան ֆրանսացիին ստացած ծունկի վնասուածքը արգելք պիտի հանդիսանայ անոր, որ ան մասնակցի Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուելիք այս մրցումին:
Կը կարծուի, որ ան ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ նոյեմբերի սկզբնաւորութեան:



