Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ. «Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Նպատակն Է Քաղաքակրթութիւններուն Միջեւ Երկխօսութիւնը Խորացնել. Այսօր Անկէ Կը Պահանջուի Միասին Ապրելու Իր Պատգամը Ընդգծել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հոկտեմբեր 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող եւ «Ապրիլ միասին» կարգախօսը կրող Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ արտասանեց Լիբանանի պաշտօնական խօսքը:

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան առաքելութեան համընկնող Լիբանանի իրականութեան ծիրին մէջ նախագահ Աուն անդրադարձաւ խաղաղութեան հաստատումի կարեւորութեան, ժողովրդավարական արժէքներու տարածման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, կրթութեան խթանումին, ինչպէս նաեւ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան աշխուժացման ու կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն միջեւ համերաշխութիւնը տարածելու կարեւորութեան:

Նախագահ Աուն հպարտութիւն յայտնեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերելու առիթով` հաստատելով, որ լիբանանցիները եւ հայութիւնը միաւորող հասարակ յայտարարները բազմաթիւ են:

«Երբ մարդ արարածը կը ծնի, անոր առաջին յարաբերութիւնը կ՛ըլլայ իր մօրը հետ, եւ այդ յարաբերութեան հիման վրայ է, որ կը ճշդուի անոր մայրենի լեզուն. այն լեզուն, որ պիտի նպաստէ անոր նկարագիրի կերտումին եւ զինք իւրայատուկ պիտի դարձնէ: Աւելի ուշ, ան պիտի սորվի այլ լեզուներ, որոնք անոր կեանքի ընթացքին առիթ պիտի տան նոր հորիզոններու դիմաց գտնուելու եւ ներքին հարստութիւն մը ապրելու», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ իրեն համար իւրաքանչիւր լեզու նոր մարդ մըն է` նոյն մարդ արարածին մէջ: «Հետեւաբար մարդ արարածը որքան լեզու գիտնայ, այդքան մարդկօրէն կը հարստանայ: Քաջ կը գիտակցիմ, որ Լիբանանի մէջ ֆրանսերէնը նաեւ մայրենի լեզու է», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան նշեց, որ ֆրանսերէնի իր իմացութիւնը առիթ տուած է իրեն հասկնալու ֆրանսական տրամաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսական ընկերութեան մտայնութիւնը եւ այդպէս ինք սկսած է ֆրանսերէնով մտածել` ֆրանսացիներու հետ զրուցելու ընթացքին: «Եւ ինչպէս Շարլ Ե. կ՛ըսէ. «Իտալերէն սորվեցայ խօսելու համար պապին հետ, սպաներէն` խօսելու համար մօրս հետ, անգլերէն` խօսելու համար մօրաքրոջս հետ, գերմաներէն` խօսելու համար ընկերներուս հետ, իսկ ֆրանսերէն` խօսելու համար անձիս հետ», մէջբերեց Աուն:

Ան շեշտեց, որ լեզուն օրինակելի կամուրջ մըն է` տարբեր մշակոյթները եւ ինքնութիւնները իրարու կապող: «Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը, ֆրանսերէնը բոլորին համար մօտիկ եւ սիրելի լեզու մը դարձնելու կողքին, կը նպատակադրէ քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը խորացնել եւ ժողովուրդները իրարու մօտեցնել: Առ այդ, Արեւելքի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու ներկայութիւնը փաստ մըն է ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին, ինչպէս նաեւ արաբական մշակոյթին միջեւ գործակցութեան եւ զօրակցութեան: Իսկ այդ իրականութեան խօսուն վկան է 2002-ին Պէյրութի մէջ գումարուած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովը:

Ներկայիս գործող եւ հետզհետէ բազմացող մութ ուժերու արարքները, որոնք հիմնուած են ծայրայեղութեան եւ անիրաւութեան ու լուսանցքայնացնելու զգացումները զարգացնելու վրայ, պէտք է սահմանափակել: Այս շրջագիծին մէջ, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան պարտականութիւնն է աւելի քան երբեք գործել` հաստատելու եւ կարեւորութեամբ ընդգծելու իր առաքելութիւնը, որ հիմնուած է միասին ու համերաշխութեամբ ապրելու վրայ:

Այս իմաստով այսօր կը դրսեւորուի մեզ բոլորս հոս մէկտեղող կարեւոր թեման», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր բազմազան ընկերութեամբ, որուն մէջ կը հանդիպին տարբեր կրօններ ու յարանուանութիւններ, կը ներկայանայ իբրեւ «Փոքր աշխարհ» մը: Նախագահ Աուն աւելցուց, որ տարիներու տագնապներէ ետք, Լիբանան յաջողած է շրջանցել «ինքնութեան շուրջ ճահճացումը» եւ բոլորին կամքով համերաշխութիւնն ու ազգային գոյակցութիւնը դարձած է հիմնական կարգախօս:

«Բոլորին ծանօթ է այն իրականութիւնը, թէ մարդ արարածը թշնամին է այն ինչին եւ որուն, որ ծանօթ չէ: Ուրեմն ուրիշը ճանչնալը` անոր տարբերութեան եւ նոյնութեան գիծերով, համերաշխութեան միակ ուղին է: Հոսկէ կը ծնի այն կարիքը, որ պէտք է հիմնել միջազգային հաստատութիւն մը, որուն մասնագիտութիւնն է կրօններուն, ցեղերուն եւ քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութեան վարժութիւն կատարելը, որպէսզի աշխարհի վրայ խաղաղութեան մշակոյթը տարածուի եւ ամրապնդուի: Լիբանան իր բազմազան ու բազմաշերտ ընկերութեամբ, որ իր քրիստոնեայ եւ իսլամ ժողովուրդով համերաշխութեամբ կ՛ապրի, երկրին իշխանութիւնն ու վարչական պատասխանատուութիւնները կը կիսէ, լիբանանեան սփիւռքի հարուստ փորձառութեամբ եւ դարերու ընթացքին տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրանը կը նկատուի` օրինակելի երկիր մըն է, ուր կարելի է հաստատել վերոնշեալ արժանիքները ամրապնդելու եւ տարածելու միջազգային ակադեմիան», յայտնեց Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Լիբանանի թեկնածութիւնը առաջադրած է դառնալու այդ ակադեմիայի կեդրոնատեղին` զայն կոչելով «Մարդոց գործակցութեան ու երկխօսութեան ակադեմիա»: Ան մաղթեց, որ այս նախաձեռնութիւնը մարմնաւորում ստանայ` տարբեր կողմերու միջեւ համաձայնագիրի մը ստորագրութեան ընդմէջէն: «Այս գծով ձեր զօրակցութիւնը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան զօրակցութիւնը առանցքային կը նկատուի` Լիբանանի յաջողութիւնը ապահովելու վերոնշեալ առաջադրանքին իրականացման առումով», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ֆրանսախօս ըլլալու իրականութիւնը այսօր Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ կարեւորութիւն կը ստանայ` նկատի ունենալով յամեցող շրջանային տագնապները:

«Այս առիթով կ՛արժեւորեմ եւ ուրախութիւնս կը յայտնեմ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան կողմէ Պէյրութը Միջին Արեւելքի իր շրջանային գրասենեակի կեդրոնատեղին նկատող որոշումին համար: Կ՛ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այդ որոշումին կայացման մէջ, եւ կը խոստանամ պէտք եղած զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը տրամադրել նոր գրասենեակին, որպէսզի ան կարենայ հեզասահ կերպով իրականացնել իր գործունէութիւնը եւ կատարել իր դերակատարութիւնը:

«Վաստակաշատ հանգուցեալ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին օր մը հարց տուած են, թէ արդեօք ինք ֆրանսացի կը զգա՞յ: Ան պատասխանած է. «Այո՛, հարիւր առ հարիւր»: Իսկ երբ հարց տուած են, թէ արդեօք ինք հայ կը զգա՞յ: Ազնաւուր պատասխանած է. «Այո՛, հարիւր առ հարիւր», ըսաւ Աուն` աւելցնելով, որ ասիկա յաւելեալ փաստ մըն է, թէ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու բազմազանութիւնը կը հարստացնէ տաղանդներն ու կարողութիւնները:

Ան նշեց, որ Ազնաւուրի մահը լիբանանցիները յուզած է` նկատի ունենալով, որ ֆրանսերէնի պաշտպան Ազնաւուր անմահական երգեր յօրինած է, եւ լիբանանցիներ սիրած են մեծ երգիչին երգերը ու զանոնք մեկնաբանած իբրեւ իրենց պատկանող մշակոյթի մաս:

«Լեզուի մը կորուստը համազօր է սիրելի հարազատի մը կորուստին եւ անոր պատճառած խոր ցաւին: Ահաւասիկ ֆրանսերէնը այսօր կը կորսնցնէ իր փայլքը, յատկապէս ընկերային ցանցերու ընդմէջէն հաղորդակցելու պարագային: Հետեւաբար մեր բոլորին պարտականութիւնն է պահպանել այս թանկագին աւանդը եւ զայն փոխանցել նորահաս սերունդներուն», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Նշենք, որ նախագահ Աուն առաւօտեան ժամը 10:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) հասաւ «Կարէն Դեմիրճեան» համալիր, ուր ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ:

Նախագահ Աունի ընկերակցեցան Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աուն, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղեր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Սահար Պաասիրի, նախագահ Աունի խորհրդական Միրէյ Աուն-Հաշեմ, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ նախագահ Աունի անձնական ներկայացուցիչ Ժարժուրա Հարտան, նախագահական պալատի տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆիք Շլալա, արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատուներէն դեսպան Ուսամա Խաշշապ եւ կարգ մը դիւանագէտներ:

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին մասնակցող անդամ երկիրներու նախագահներուն ելոյթներէն ետք, նախագահ Աուն ներկայ գտնուեցաւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին հրաւիրած ճաշկերոյթին, որ սարքուած էր ի պատիւ վեհաժողովին մասնակցող պատուիրակութիւններու նախագահներուն:

Յետմիջօրէին վեհաժողովը սկսաւ իր լիագումար նիստին, որուն աշխատանքներուն ծիրին մէջ կատարուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան լիազօրութիւններու փոխանցում լիազօրութիւնները աւարտած երկրին` Մատակասքարի եւ լիազօրութիւնները ստանձնող երկրին` Հայաստանի միջեւ:

Վարչապետ Փաշինեան ստանձնեց նախագահութիւնը շարունակուող վեհաժողովին, որուն ընթացքին նախագահ Աուն ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան փոխնախագահ:

Լիագումար նիստերուն կողքին նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Մոնաքոյի Ալպեր Բ. իշխանին եւ այլ երկիրներու պատուիրակութիւններու նախագահներուն հետ:

Միւս կողմէ, Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աուն, ընդառաջելով Հայաստանի վարչապետի կնոջ հրաւէրին, այցելեց «Մեկերեան» գորգի գործարան եւ Մատենադարան:

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Երեւան

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Չճանչցուած Պետութիւններու Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Մնայուն Հսկողութեան Բանաձեւը

Յաջորդը

«Ապրիլ Միասին» Կարգախօսին Ներքեւ Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի Հանդիսաւոր Բացում` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?