Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի դիտել տուաւ, որ կառավարութեան որոշումները միաձայնութեամբ տալու մեքանիզմը պատճառ կը հանդիսանայ, որ ելեկտրականութեան հարցը լուծումի չյանգի, իսկ օրական 24 ժամ ելեկտրականութիւն ապահովելը տեղի կրնայ ունենալ երեք տարի ետք:
Խուրի յայտնեց, որ 24 ժամ ելեկտրականութիւն մատակարարելը եւ ելեկտրականութիւն արտադրող գործարաններ հիմնելը կառավարութեան միաձայն որոշումին կը կարօտին: «Ես առանձինս բան մը չեմ կրնար որոշել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանքը տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի ծրագիրի մը վրայ, սակայն տակաւին ընդունուած չէ նախարարաց խորհուրդէն:



