Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ հաստատ կը մնան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ իրենց վստահութիւնը վարչապետ Սաատ Հարիրիին տալու գծով` աւելցնելով, որ քաղաքական անհասկացողութիւն չկայ համախմբումին եւ վարչապետին միջեւ, իսկ կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ կարծիքներու տարբերութիւնը բնական է:
Ան վստահեցուց, որ համախմբումը կը նպաստէ կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու աշխատանքին եւ կը պահանջէ իր բնական իրաւունքները, սակայն այլ կողմեր իրենց իրաւունքէն աւելի պահանջներ կը դնեն, ըսաւ ան` նշելով, որ «մենք 29 երեսփոխաններէ բաղկացած համախմբում մըն ենք եւ մեզի իրաւունք կ՛իյնայ ունենալ 6 նախարար. այս կրնայ հասնիլ նաեւ 7-ի` ըստ հանրապետութեան նախագահի չափաբաժինին:
Նախարար Աուն շարունակեց ըսելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը խափանել կը նշանակէ իշխանութեան գործունէութիւնը խանգարել, ինչ որ ինքն իրեն վնաս հասցնել կը նշանակէ: Ան ըսաւ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնած է, թէ կրնայ այլոց հետ համաձայնիլ տիւրզի երրորդ նախարարի անունին շուրջ, իսկ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան յայտնած է, թէ մենք պատրաստ ենք զանազան առաջարկներու մասին խորհրդակցելու:
«Մտահոգ եմ կարգ մը նախարարական աթոռներու վիճակէն, որոնք կրնան վնասներ պատճառել: Չենք կրնար խախտել տիւրզիներուն համախմբումը, մանաւանդ որ կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որ ներդաշնակութիւն կը պահանջէ: Մենք կառչած կը մնանք Թալալ Արսլանի անունի մեր առաջարկին, սակայն այս նիւթին առնչութեամբ կարելի է լուծումի հասնիլ», ըսաւ ան:



