Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ արծարծուած ցամաքէն քարիւղի արտահանման օրէնքին շուրջ տեղի ունեցած էին արդիւնաւէտ քննարկումներ. «Թէեւ հոն գոյութիւն ունին տարբեր կարծիքներ, սակայն կար նաեւ թափանցիկութիւն եւ երկրին ընդհանուր շահը կը դասուէր ամէն բանէ վեր», ըսաւ ան: Ֆըրզլի նշեց, որ հարցը փակուեցաւ, երբ այդ օրէնքը դրուեցաւ խորհրդարանի ընդհանուր ժողովին օրակարգին վրայ, ուր պիտի որոշուի, թէ նման արտահանում մը օրէնքի կարիք ունի՞, թէ՞ չէ:



