Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն հետ` Թուրքիոյ մէջ անհետացած սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող, «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի թղթակից Ժամալ Խաշըկժիի անհետացման գործի հետաքննութեան շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնած է Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ըստ անոր, սէուտցի լրագրողի անհետացման շուրջ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն հետ խօսած է աւելի քան մէկ անգամ, իսկ բանակցութիւնները եղած են «բարձրագոյն մակարդակով»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը Խաշըկժիի անհետացումը կոչած է «շատ վատ իրավիճակ»: Ան յոյս յայտնած է, որ լրագրողը ողջ ու առողջ է, ինչպէս նաեւ նշած է, թէ կապ հաստատած է անոր հարսնցուին հետ, որ մօտ օրէն կրնայ այցելել Սպիտակ տուն:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը եղող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու իշխանութիւններէն պահանջած է արտաքսել սէուտցի դիւանագէտները` Խաշըկժիի անհետացման պատճառով:
Ըստ Քըլըճտարօղլուի, Թուրքիան պէտք է աւելի կարծր քայլերու ձեռնարկէ գործի բացայայտման համար, գտնէ եւ արդարադատութեան յանձնէ մեղաւորները:
Աւելի՛ն, ընդդիմադիր գործիչը կը պնդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին:
Նշենք, որ բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը երէկ գրեց, թէ եթէ Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա պայքարը մագլցում արձանագրէ, պիտի ըլլայ շատ բուռն եւ լուսանցքայնացնէ սիւննի-շիի եւ Սէուտական Արաբիա-Իրան պայքարը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, խօսելով Խաշըկժիի անհետացման հարցին մասին, նշած է, թէ Թուրքիան այսպիսի իրավիճակի մէջ չի կրնար լռել: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
Էրտողան յայտնած է, որ անհրաժեշտ հրահանգներ տուած է արտաքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարութիւններուն, իսկ թրքական ոստիկանութիւնն ու հետախուզութիւնը հետեւողականօրէն կը շարունակեն գործի հետաքննութիւնը:
«Ասիկա սովորական դէպք չէ, անկարելի է, որ մենք այսպիսի միջադէպի առնչութեամբ լռենք: Խաշըկժին ազդեցիկ ընտանիքի զաւակ է, միջազգային սիւնակագիր, եւ այս միջադէպը տեղի ունեցած է, երբ ան մուտք գործած է հիւպատոսարան` թուրք աղջկայ հետ ամուսնանալու համար համապատասխան փաստաթուղթերը կարգաւորելու համար», ըսած է Էրտողան:
Ինչ կը վերաբերի Քըլըճտարօղլուի` սէուտցի դիւանագէտները արտաքսելու կոչին` Էրտողան չէ ողջունած առաջարկը` ակնարկելով, որ ատոր պատճառները տնտեսական են:
«Անոնց միակ մտածումը այն է, թէ ինչպէ՛ս աւելի վատ տնտեսական կացութեան մէջ կրնան դնել երկիրը», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Ըստ թրքական ոստիկանութեան վարկածին, սէուտցի լրագրողը սպաննուած է հիւպատոսարանի շէնքին մէջ: Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը կը հերքէ սպանութեան վարկածը եւ կը շարունակէ պնդել, որ լրագրողը շէնքէն դուրս եկած է եւ ատկէ ետք միայն կորսուած:
Թրքական մամուլը հրապարակած էր գործով կասկածելի նկատուող Սէուտական Արաբիոյ 15 քաղաքացիներու լուսանկարները, որոնք նոյն օրը Սէուտական Արաբիայէն 2 տարբեր օդանաւերով հասած են Պոլիս, Խաշըկժիի` հիւպատոսարան մուտքէն կէս ժամ առաջ մտած են հիւպատոսարանի շէնք եւ շուրջ մէկուկէս ժամ ետք դուրս եկած ու երեք տարբեր ինքնաշարժներով հեռացած տարածքէն:
Լուսանկարներու հրապարակումէն ետք, սէուտական հիւպատոսարանը ետդարձ կատարած էր թրքական ոստիկանութեան շէնքը խուզարկելու իր արտօնութենէն:



