Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց. «Թրքական դատարանին կողմէ ուրբաթ օր (այսօր, «Ա.») ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի ազատ արձակումը պիտի ըլլայ դրական քայլ մը եւ այն ճիշդ քայլը, որ պէտք է կատարել»:
Ան աւելցուց, որ ատիկա Թուրքիոյ կողմէ առնուելիք ճիշդ եւ մարդկային քայլն է` նշելով. «Մեծ յոյս ունիմ, որ ան (Պրանսըն, «Ա.») եւ անոր կինը կրնան մօտ օրէն վերադառնալ Միացեալ Նահանգներ»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ պատուելի Պրանսընի ազատ արձակումը «թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ»:
Պրանսընի հարցը Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացնող մեծագոյն հարցերէն մէկն է, որուն պատճառով Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատած են Թուրքիոյ դէմ:



