Սուրիոյ կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ոչ մէկ տոլարի օժանդակութիւն պիտի ստանայ երկրի վերաշինութեան համար, այնքան ատեն որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները չեն լքած անոր տարածքը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն` Ամերիկայի ազգային անվտանգութեան հրէական հիմնարկ ոչ կառավարական կազմակերպութեան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ:
«ՄԱԿ-ի մէջ մենք փոխադարձ համաձայնութեան կոչ կ՛ուղղէինք այն բանի շուրջ, որ Իրանն ու անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող ուժերը պէտք չէ ներկայութիւն պահպանեն Սուրիոյ մէջ:
«Երկրէն իրանեան ուժերու հեռացման պատասխանատուութիւնը կը կրէ սուրիական կառավարութիւնը, որ պատասխանատուութիւն կը կրէ այնտեղ Իրանի ներկայութեան համար: Մենք յստակ կերպով հասկցուցինք. այնքան ատեն որ Սուրիան չէ հասած Իրանի աջակցութիւնը վայելող ուժերու լիակատար հեռացման, ան վերաշինութեան համար Միացեալ Նահանգներէն ոչ մէկ տոլար պիտի ստանայ», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Նախապէս Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները քանիցս յայտարարած են, որ Սուրիոյ վերաշինութեան պիտի սկսին օժանդակել միայն «քաղաքական անցումէն ետք»:



