Երէկ Պայքանուրէն արձակուած տիեզերանաւուն մէջ խանգարում տեղի ունեցած է. արձակումէն երկու վայրկեան ետք տիեզերանաւը կրող հրթիռի շարժակները անջատուած են: Ամերիկացի եւ ռուս աստղանաւորդներ Նիք Հէյկ եւ Ալեքսէյ Օվչինին երկիր վերադառնալու համար կրցած են օգտագործել վայրէջքի համար նախատեսուած գունդը, որ տիեզերանաւէն անջատուած է, եւ անոր անկարգելները մեքենայաբար բացուած են:
Գունդը էջք կատարած է Ղազախստանի տափաստանին մէջ:
«Անձնակազմը էջք կատարած է: Բոլորը ողջ են», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է «Ռոսքոսմոս»-ի ղեկավար Տմիթրի Ռոկոզին:



