Թուրք իրաւապահները Ատանայի օդակայանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ պատկանող օդանաւին մէջ յայտնաբերած են մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը:
Կը նշուի, որ ընդհանուր առմամբ գտնուած է 965 հազար դեղահատ, յայտնաբերուած թմրանիւթի արժէքը 14 միլիոն թրքական լիրա է` շուրջ 2,4 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Թրքական ոստիկանութեան թմրեցուցիչներու օգտագործման ու տարածման դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները դէպքի վայր հասած են անյայտ անձի մը ահազանգին հիման վրայ:
Անոնք խուզարկութենէն ետք բեռնատար օդանաւին մէջ գտած են արտառոց մեծ քանակութեամբ թմրանիւթ:



