Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը:
Քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած է վիճայարոյց բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով եւ Սահմանադրութեան ու օրէնքներու շրջագիծին մէջ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:



