Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը` դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար: Փաշինեան այս մասին յայտնած է «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին:
«Արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան 9-10 դեկտեմբերին: Ատիկա կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ ես մինչեւ 16 հոկտեմբեր ներկայացնեմ իմ հրաժարականս», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:



