Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կ՛աւելցնեն Հայաստանին Տրամադրուող Օժանդակութիւնը

October 10, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ 9 հոկտեմբերին յայտարարեց Հայաստանին տրամադրուող Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան ծաւալներու յաւելումին մասին:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տեղեկութիւններով` վերջերս, Միացեալ Նահանգները, քաղաքական անցման հետ կապուած հայաստանեան նախաձեռնութիւններուն աջակցելու նպատակով 14 միլիոն տոլարի յաւելեալ արտաքին աջակցութեան միջոցներ տրամադրած են Հայաստանին, իսկ յառաջիկայ տարուան ընթացքին` Միացեալ Նահանգներ մտադիր են տրամադրելու աւելի քան 26 միլիոն տոլար` 2018-ի արտաքին աջակցութեան միջոցներէն, որ 20 միլիոն տոլարով աւելի է` դիմումով Հայաստանի համար սկզբնապէս պահանջուած ֆինանսաւորումէն:

Այս միջոցները պիտի օժանդակեն քաղաքական հոլովոյթներու հետ կապուած գերակայ ծրագիրներուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ լրատուամիջոցներուն: Այդ միջոցները նաեւ պիտի ուղղուին վարչակազմի կողմէն իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւն սահմանուած գործարար եւ առեւտրական կարելիութիւններու ընդլայնման` ամերիկեան եւ հայկական ընկերութիւններու համար, ինչպէս նաեւ աջակցելով ուժանիւթի բարեփոխումներուն, նաեւ Հայաստանի արագ քայլերով աճող տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին:

Հայաստանին ցուցաբերուող Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը կը ներառէ երկկողմանի համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւնները, ինչպէս` կառավարում, թափանցիկութիւն եւ հաշուետուողականութիւն, քաղաքական ներառում, օրէնսդրական հզօրացում եւ տեղական ինքնակառավարման բարեփոխումներ: Հայաստանի քաղաքական անցման աջակցելու համար` այս ծրագիրները պիտի օգնեն վերակառուցելու բազմակուսակցական քաղաքական համակարգերը եւ պիտի նպաստեն ազատ ու արդարացի ընտրութիւններուն: Աջակցութիւնը նաեւ կ՛ուղղուի քաղաքացիական հասարակութեան հզօրացման եւ անկախ լրատուամիջոցներու հասանելիութեան բարելաւման:

Տնտեսական աճի ասպարէզին մէջ` ծրագիրներու ծիրին մէջ փորձ կը կատարուի կայուն ու ընդգրկուն տնտեսական աճ ապահովելու` աջակցելով տնտեսութեան աճի բարձր ներուժ ունեցող ճիւղերուն, նպաստելով աշխատուժի կատարելագործման եւ խթանելով նորարարութիւնը: Աջակցութիւն պիտի ըլլայ նաեւ ուժանիւթի շուկայի ազատականացման բարեփոխումներու եւ միջսահմանային առեւտուրի ու ընդելուզման հարցերուն:

 

Նախորդը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընդառաջ Հայաստան Կը Հիւրընկալէ Ֆրանսացի Գրողներ Ու Քաղաքագէտներ

Յաջորդը

Ռումանիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.