Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակուի` հակառակ այդ երկրին մէջ քաղաքական իրավիճակի անկայունութեան: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին:
«Հակառակ Հայաստանի մէջ որոշակի ներքաղաքական անկայունութեան պահպանման` կ՛ընթանայ համագործակցութեան յստակ ուղղութիւններով նախատեսուած միացեալ աշխատանք: Պերճախօս է փոխադարձ ապրանքաշրջանառութեան դրական ընթացքը:
2018-ի առաջին կիսամեակին ատոր աճը, անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, կազմած է 23,4 առ հարիւր` հասնելով 925,6 միլիոն տոլարի», նշած է ան:
Ռուս դիւանագէտը վստահեցուցած է, որ կողմերը կը շարունակեն աշխուժ երկխօսութիւն պահպանել:
«Քանի մը ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի երեք եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ երկու հանդիպում: Մեր ղեկավարները քանի անգամ հաղորդակցած են հեռաձայնով», նշած է ան:
Քարասինի կարծիքով` այդպիսի յաճախակի հաղորդակցութեան արդիւնքը պիտի դառնայ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումը` «թէ՛ երկկողմ ձեւաչափի մէջ, թէ՛ ալ ընդհանուր համարկումի միաւորումներու` ԵՏՄ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի ծիրերուն մէջ»:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին` Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտնած է, թէ Ռուսիան կը շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար:
«Գոյութիւն ունի միայն մէկ իրական հեռանկար` բանակցութիւններու միջոցով տագնապի խաղաղ լուծում: Ազրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդի շահագրգռութիւնը անվտանգութեան, կայունութեան եւ զարգացման մէջ բանակցային հոլովոյթի հիմք է, որուն ամէն ձեւով կ՛աջակցի Ռուսիան», ըսած է Քարասին:
Ան նշած է, որ Ռուսիան իր կողմէ կը ձգտի ընել ամէն բան` խաղաղ ճամբով համաձայնութիւններ ձեռք բերելու գործին օգնելու համար:
«Մեր այդ դիրքորոշումը անփոփոխ է: Ատիկա ամրագրուած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգին մէջ եւ հաստատուած է Վլատիմիր Փութինի կողմէ` երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումներու ժամանակ», ըսած է Քարասին: