6 հոկտեմբերին` Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) ծննդեան օրը, Ստեփանակերտի Բեկորի անուան պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ, ներկայութեամբ անոր ընտանիքի անդամներուն, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգի Պետրոսեանի, մարտական ու կուսակցական ընկերներու, Բեկորի անունը կրող դպրոցի ուսուցիչներուն ու սաներուն եւ զինուորներու:
Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Բեկորի յուշակոթողին, այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի սաները` արժեւորելով Բեկորի կատարած գործն ու սերունդներուն ձգած պատգամը. ամէն հայ պէտք է զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլի:



