Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենենտեզ Ազրպէյճանի Սպառնալիքները Չսպելու Գծով Երաշխիք Կ՛ապահովէ Դեսպանի Թեկնածուէն

October 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ հինգշաբթի, 4 հոկտեմբերին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու նշանակուած Ըրլ Լիցընպըրկըրի առաջին հարցաքննութիւնը, որուն ընթացքին ծերակուտական Պապ Մենենտեզ կրցաւ երաշխիքներ ապահովել թեկնածուէն, թէ իր կարելին պիտի ընէ զսպելու համար Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող ռազմատենչ եւ սպառնական յայտարարութիւններն ու առնուող քայլերը:

Լիցընպըրկըր նաեւ աւելցուց, թէ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծումը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման կարեւորագոյն նախապայմանն է: Դիւանագէտին համաձայն, «աշխարհագրական եւ մշակութային քառուղիներուն վրայ գտնուող Հարաւային Կովկասը Միացեալ Նահանգներու կենսական շահերուն նպաստող շրջան մըն է»:

Անդրադառնալով Արցախի տագնապին` թեկնածուն ընդգծեց, որ խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի` կրկնելով տագնապին լուծման համար կարեւոր երեք սկզբունքները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի Ուաշինկթըն.

1.- Ուժի կիրարկման կամ սպառնալիքի բացառում,

2.- Յարգանք տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ,

3.- Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ապահովում:

Պատասխանելով Մենենտեզի այն հարցումին, թէ ապահովական մարզին համար Ազրպէյճանին տրամադրուող աջակցութիւնները պէտք չէ՞ սահմանափակել, Պաքուի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն պատճառով` Լիցընպըրկըր ըսաւ. «(Ազրպէյճանի հետ) Համագործակցութեան ընթացքին մենք չափազանց զգուշ ենք: Միացեալ Նահանգները, Ազրպէյճանի հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ կը բացառեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման սպառնացող որեւէ քայլ»:

 

Նախորդը

Նոպէլեան Մրցանակի Արժանացած Մուրատ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ուղղեց

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրք` Բեկորի Յիշատակին

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.