Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ազդանշանը տրուեցաւ Անթուան Ղըրայյեպի անուան պասքեթպոլի տղոց տարիքային 6-րդ մրցաշարքին:
Բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, նախկին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամ Փաթրիք Լահուտ, Ղըրայյեպ ընտանիքին անդամները, հիւրերը, հովանաւորող ընկերութիւններ, մարզական լրագրողներ եւ մասնակցող մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէ մը ետք, Ղըրրայեպ ընտանիքին կողմէ յատուկ յուշանուէրներ տրուեցան Հալապիին, Խալիլին, Ռըզքին եւ այլ անձերու:
Այս մրցաշարքի ծիրին մէջ, 30 ակումբներու աւելի քան 1100 մարզիկներ կը մասնակցին 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներուն:
Բացման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցած մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ռիատի Պէյրութ – Պիլիվըրզ (2009-2010)` 71-41, Էներժի – Ռիպաունտ`(2007-2008)` 61-32, Շանվիլ – Ռիպաունտ (2005-2006)` 50-40, Այնթուրա – Սաժես Հայ Սքուլ (2003-2004)` 64-13, Պիլիվըրզ – Շանվիլ (2001-2002)` 45-24:




