
Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան 2-րդ օրը, երէկ տեղի ունեցած 4 մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ժամհիեթ Սալա (Մարոք) եւ Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս), յաջողեցան գրաւել յաջորդաբար Բ. եւ Ա. խմբակներուն պարագլուխի դիրքերը:
Անոնց նման երէկ յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Սէուտական Արաբիոյ երկու ներկայացուցիչները` Ֆաթըհ եւ Նասըր:
Սալա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` պարտութեան մատնելով Սփորթինկը (Եգիպտոս) 81-71 արդիւնքով, մինչ Իթթիհատ` Արապին (Քաթար), 86-72 արդիւնքով:
Նասըր յաղթեց Ահլի Սթապին (Օման)` 81-76 արդիւնքով, մինչ չորրորդ մրցումին Ֆաթըհ` Շապապ Քալանտիային (Պաղեստին)… քիչ մը դժուարութեամբ (98-95):
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան յայտագիրին, տեղի պիտի ունենան 2 մրցումներ` Ա. խմբակին մէջ:
Յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ֆաթըհը (Սէուտական Արաբիա), որմէ ետք երեկոյեան ժամը 18:00-ին, պիտի սկսի Արապի (Քաթար) – Նասըպ (Սէուտական Արաբիա) մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի համար այսօր յաղթանակը պիտի ըլլայ շատ էական, որպէսզի կարելի ըլլայ Բ. հանգրուանի տոմս մը ապահովել:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` մինչեւ մրցումին աւարտը:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Շիահի մարզադաշտը` նեցուկ կանգնելու համար մեր ախոյեան տղոց:


