Պաթումի մէջ իր աւարտին մօտեցող համաշխարհային ճատրակի ողիմպիականի 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի տղոց հաւաքականը Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Անգլիոյ հետ կը բաժնէ 2-5-րդ դիրքերը` 15-ական կէտով: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Լեհաստան (16 կէտով):
Այս հանգրուանին Հայաստանի տղաքը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Հնդկաստանին:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին, խումբը Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին կը բաժնէ 2-4-րդ դիրքերը:
Առաջին դիրքին վրայ է Չինաստան (16 կէտով): 14-ական կէտ ունին Ռուսիա, Ազրպէյճան եւ Վրաստան:
9-րդ հանգրուանին Հայաստանի աղջիկները յաղթեցին Իրանի (3-1):
Մրցաշարքի աւարտին մնացած է միայն 2 հանգրուան:


