ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր հետաքրքրութիւնները դէպի դուրս կ՛երթան եւ` դէպի նորին: Աշխատանքի մը պիտի մասնակցիք: Կրկնեցէք փորձը, որպէսզի ամրապնդէք ձեր դիրքը: Յաջող եւ խոստմնալից շրջան մըն է: Խանդավառ կ՛երեւիք նոր ծրագիրներու հանդէպ, բայց մի՛ աճապարէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Առողջական կամ աշխատանքային ծախսեր պիտի ելլեն ամսուան սկիզբը: Տագնապալից օրեր պիտի ապրիք, արթուն եղէք: Հետզհետէ ձեր վրայ եղած ճնշումները պիտի վերանան: Ձեր պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք եւ ուրախ պայմաններու մէջ պիտի ըլլաք: Տուեալները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Ամէնէն լաւ ամիսն է. պարտութեան պիտի չմատնուիք, եթէ լաւ պատրաստուիք: Բախտաւոր եւ լաւ առիթներով լեցուն շրջան մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Յաջողութեան առիթները պիտի շատնան: Տեղէ տեղ պիտի փոխադրուիք եւ այցելութիւններ պիտի տաք մարդոց: Պիտի ուրախանաք, որովհետեւ մարդիկ ձեզ պիտի հասկնան: Հանգիստ ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կը փափաքիք նորութիւն մը յայտնաբերել, ճամբորդութիւն մը կատարել կամ նոր փորձառութիւն մը ապրիլ: Դրական շրջան մըն է, պէտք է զայն օգտագործել ամրապնդելու համար ձեր յարաբերութիւնները եւ դիրքը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Խելացի միտքեր ունիք: Դժուար է ուրիշներուն համար ձեզ համոզել, որ ետ դառնաք ձեր որոշումէն: Ձեր կարծիքը մի՛ պարտադրէք: Յարմար առիթներ պիտի ստանաք, հետեւաբար ձեր ձեռքերը ծալած մի՛ մնաք: Աշխատեցէք յաջողցնել եւ դիւրացնել երեւոյթները:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր գործերու ընթացքը պիտի չդանդաղի: Յարմար շրջան է լուծումներ գտնելու եւ համաձայնութիւններ կնքելու, մանաւանդ` նիւթական առումով: Մի՛ մերժէք նոր միտքեր, թերեւս իրենց մէջ ունենան լուծումներ, որոնց չէք անդրադարձած նախապէս:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ աճապարէք ձեր խօսքին կամ քայլ մը առնելուն մէջ, որպէսզի չզղջաք, որովհետեւ անօգուտ է: Դժուար բնաւորութիւն պիտի ունենաք: Ձեր ջիղերը հանդարտ պիտի չմնան: Հեռու մնացէք քննարկումէ եւ վիճաբանութենէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր կարողութիւններով պիտի հետաքրքրուիք: Հաստատութեան մը մաս պիտի կազմէք: Հանդարտութեամբ եւ առարկայականօրէն քննարկեցէք` հեռու մնալով տագնապէն: Սիրալիր եղէք անոր հանդէպ, որ ձեր կողքին կը կանգնի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի զուարճանաք ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, որովհետեւ ձեր ընկերներէն մէկը ձեր կողքին պիտի կանգնի: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք յառաջիկայ օրերուն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անձնական հարցի մը լուծումով պիտի զբաղիք: Ձեր սիրելիներով պիտի մտահոգուիք: Առիթ մի՛ տաք խռովութիւններու եւ մի՛ բարդացնէք հարցերը, որովհետեւ օրերը իրենց հետ լուծումներ պիտի բերեն ձեր բոլոր հարցերուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի ուրախանաք մէկու մը հետ գործակցութեան համար: Շինիչ շրջան մըն է: Յարմար շրջան է ծանօթութիւններ մշակելու եւ ձեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Պիտի յաղթէք, եթէ դիւանագիտութեամբ մօտենաք հարցերուն:
