ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարիքը ունիք մասնագէտներու կարծիքը առնելու: Աւարտեցէք ձեր աշխատանքները: Ձեր հանդիպումները եւ տեսակցութիւնները խտացուցէք ու նիւթական հարցեր քննարկեցէք: Զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի ձեր գործերը յառաջ երթան:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հիանալի պահեր պիտի ապրիք: Ուրախ լուր մը կամ պատասխան մը պիտի ստանաք: Նոր շրջան մը սկսելու ժամանակն է: Հաւատարիմ մնացէք ձեր սիրելիին, այլապէս կրնաք զինք կորսնցնել: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հեռուէն լուր մը պիտի ստանաք եւ պիտի ուրախանաք: Կարեւոր շրջան մը պիտի մտնէք: Կարողութիւն ունիք ձեր խնդիրները լուծելու: Դասաւորեցէք ձեր աշխատանքային ժամանակացոյցը եւ հեռացէք զբաղումներէ ու զուարճութիւններէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Բարոյական ճնշումներ պիտի ունենաք: Անձնական գետնի վրայ ուշադիր եղէք յուսախաբութենէ: Հանդարտեցէք, դժուար շրջան մըն է եւ զուրկ բախտէ: Կրկին ոտքի պիտի կանգնիք լաւ տրամադրուած:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Լաւ կեդրոնացէք եւ ինքնավստահութեամբ քննարկեցէք: Յարմար շրջան է զրոյցներ կազմակերպելու: Մեղմացուցէք մթնոլորտը, որպէսզի աւելի քիչ վնասով դուրս գաք իրավիճակէն եւ հասնիք յաջորդ ամիսը` ապահով ու խաղաղ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Առեւտուրով պիտի զբաղիք, հետեւաբար մանրամասնութիւնները լաւ սերտեցէք: Անակնկալի պիտի բերէք ձեր սիրեցեալը` նուէրով մը: Դրական շրջան մըն է, որուն ընթացքին շահ պիտի ապահովէք: Նորածինի մը ուրախ լուրը պիտի ստանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Դուք ներուժ եւ կայտառութիւն պիտի ունենաք եւ դիւրաւ պիտի հետապնդէք ձեր ծրագիրներէն մէկը: Պիտի վերագտնէք ձեր դիրքը: Հարցերուն պիտի նայիք դրական անկիւնէն: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ուշացումէ ուշադիր եղէք: Տարբեր պատասխանատուութիւններ պիտի ունենաք, հետեւաբար փախուստի մի՛ դիմէք, այլ եղէք ձեր պարտականութեան տէրը: Յոգնեցնող շրջան մըն է, պէտք է պատրաստէք ձեր աշխատանքի ցուցակը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հոգեպէս անհանգիստ պիտի զգաք: Մեղադրանք պիտի լսէք ձեր թերութեան պատճառով: Պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը, եթէ կ՛ուզէք յաջողիլ: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Փոփոխական պահեր պիտի ապրիք: Ամսուան ամէնէն տագնապալից օրերէն մէկն է: Անձնական յոգնութենէ հեռու մնացէք: Տնային եւ առողջապահական հարցեր պիտի ունենաք: Հին էջեր պիտի ծալլէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Իւրօրինակ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ձեր սիրտը պիտի ուրախանայ: Կը փափաքիք ձեր դիրքը փոխել եւ մթնոլորտը մեղմացնել: Դրական շրջան մըն է եւ ամսուան ամէնէն գեղեցիկ օրերէն մէկը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ պիտի աշխատիք նորութիւն մտցնել ձեր առօրեային մէջ կամ ձեր տեսքին: Կեդրոնացէք ձեր կարողութիւններուն վրայ: Յառաջ գացէք ու մի՛ յանձնուիք դժուարութիւններուն: Կրկին փորձեցէք:
