Երէկ` չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ակումբին կողմէ կազմակերպուելիք Աքուաթլոն-2018-ի մասին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգերորդ անգամ ըլլալով` կիրակի, 21 հոկտեմբերին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Այս Աքուաթլոնին, որ կ՛ընդգրկէ լողարշաւ եւ վազք, տեղի պիտի ունենան, տարբեր դասակարգերու մրցումներ` հետեւեալ ձեւով.
12 տարեկանէն վար, 13-18 տարեկան, 19-39 տարեկան, 40-49 տարեկան եւ 50 տարեկան եւ վեր:
Մրցումները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Նշուեցաւ, որ բոլոր մասնակցողները «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ ներկայ պէտք է ըլլան առաւօտեան ժամը 6:30-էն սկսեալ` ստուգումներու համար:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 14 հոկտեմբերը:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ՈՒԻՍԱՄ ԹԱՈՒԻԼ




