Պայէրն Միւնիխի նախագահ Ուլի Հէօնես իր վստահութիւնը յայտնեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան հիւրընկալ երկրի ընտրութեան ժամանակ նախապատրաստութիւնը պիտի տայ Գերմանիոյ, որ ատոր համար կը պայքարի այլ թեկնածուի մը` Թուրքիոյ դէմ:
«Կը կարծեմ, որ անպատասխանատու քայլ մը պիտի ըլլայ այդ ախոյեանութեան հիւրընկալումը Թուրքիոյ վստահիլը` հաշուի առնելով այդ երկրին այժմու վիճակը:
«Ես այդ երկրին դէմ ոչինչ ունիմ, բայց Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը յոյս չի ներշնչեր, որ անիկա այդ ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրը ըլլայ», ըսաւ ան:
Եւրօ-2024-ի կազմակերպիչ երկրի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին:



