Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ «ՔԱԹԻՈՒՇԱ» ՏԻՊԻ ՀՐԹԻՌՆԵՐ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՍՐԱՅԷԼԸ

November 30, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան հարաւային Լիբանանէն «Քաթիուշա» տիպի երկու հրթիռներ արձակուած են դէպի բռնագրաւուած պաղեստինեան հողեր:

Աւելի ուշ, Քայիտայի «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգը որդեգրեց հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ հրթիռարձակումի պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ իրենց հրթիռները հասած են իրենց թիրախին:

«Երէկ ուշ գիշերին Ռըմէյշէն «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներ արձակուած են դէպի հիւսիսային Իսրայէլ, որ իր կարգին 6 հրթիռներով ռմբակոծած է Այթա Շաապը` պատճառելով նիւթական վնասներ», նշուեցաւ բանակին հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ լիբանանեան բանակը դիտել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի իր զօրամասերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ անոնք ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած են, ինչպէս նաեւ շրջուն ջոկատներով հսկողութիւնը խստացուցած հարաւի մէջ` բացայայտելու համար հրթիռարձակում գործող յանցագործները եւ սրբագրելու համար այն բացթողումները, որոնք կրնան օգտագործուիլ նաեւ այլոց կողմէ` նման արարքներ գործելու նպատակով:

Բանակը շեշտեց նաեւ, որ ինք իր աշխատանքը կը համադրէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ:

Միւս կողմէ, բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հետաքննութիւն բացին այս հարցին առնչութեամբ եւ այցելեցին այն վայրը, ուրկէ հրթիռ արձակուած էր, ինչպէս նաեւ այն շրջանը, որ ռմբակոծուած էր Իսրայէլի կողմէ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա լիբանանցի եւ իսրայէլացի պատասխանատուներու հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ եւ կոչ ուղղեց ինքնազսպումի` կանխարգիլելու համար ապահովական որեւէ մագլցում:

Զօր. Ասարթա նկատել տուաւ, որ ապահովական այս միջադէպը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում է եւ կը վտանգէ սահմանային կայունութիւնը:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ Իսրայէլ ապահովական այս զարգացումը վտանգաւոր կը նկատէ, սակայն անհաւանական կը նկատէ, որ Հըզպալլա կանգնած ըլլայ անոր ետին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն շեշտեց, որ Իսրայէլ առաւելագոյն չափով վտանգաւոր կը նկատէ հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներու արձակումը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց հարաւային Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլ կատարուած հրթիռարձակումը:

Նախորդը

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻՆ

Յաջորդը

ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ. ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑՈՂ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԵՐՈՒՄ ՉԻ ՀԱՅՑԵՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.