Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 7 սեպտեմբերին անդրադարձած է ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն` յայտնելով, որ Մոսկուա ոգեւորութեամբ կը հետեւի Պաքուի հետ իր յարաբերութիւններու զարգացման:
Զախարովա ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ բազմաբեւեռ համագործակցութիւնը կը զարգանայ` Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կառավարութեանց միջեւ կնքուած համաձայնագիրներուն հիման վրայ:
Ան աւելցուցած է, որ ներկայիս ի զօրու են համագործակցութեան 17 համաձայնագիրներ, եւ աշխատանքները կը շարունակուին նորերը կնքելու համար:
«Ազրպէյճանի հետ կապերու արդիւնաւէտութեան մասին կը վկայեն հետեւեալ փաստերը. Պաքուի մէջ բացուած են Տաղստանի, Թաթարիստանի, ինչպէս նաեւ «Պաշքիրիա», «Փերմի», «Փուլքով», «Սամարա», «Ուրալ» օդանաւային ընկերութեանց եւ շարք մը այլ ռուսական ձեռնարկութեանց ներկայացուցչութիւններ, ինչպէս նաեւ` «Ուրալ» եւ «Թաթարիստան» առեւտուրի կեդրոնները», ըսած է ան:
Նշենք, որ 7 սեպտեմբերին հաղորդուեցաւ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս ամսուան վերջաւորութեան Ազրպէյճան պիտի այցելէ: