Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կ՛ուզուի.- «Հայֆիլմ»-ի Ծռեր

Սեպտեմբեր 10, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Պատմական.- «Հայֆիլմ»-ը (1) հիմնուած էր 1923-ին, երբ Հայաստան աւելի բարենպաստ իրավիճակի մէջ չէր, քան այսօր: Երկու տարի անց պատրաստ էր առաջին ժապաւէնը` «Հայֆիլմ»-ի երախտաշատ հիմնադիր Համօ Բեկնազարեանի «Նամուսը»:

Սկզբնական շրջանին կ՛արտադրուէր տարեկան շուրջ 3 ժապաւէն:  Աշխարհամարտի պատճառով արտադրութիւնը նահանջեց մինչեւ նուազ քան մէկ(2): Կողքի գծապատկերը պատրաստած եմ` հիմնուելով «Հայֆիլմ»-ի ցուցակներուն վրայ: Կը տեսնենք, որ յետպատերազմեան շրջանին արագացող աճ արձանագրուած է` 1975-90 տարիներուն հասնելով տարեկան 8-9 ժապաւէններ: Հարկ է նշել, որ «Հայֆիլմ»-ի աշխատանոցները նոյն շրջանին կ՛արտադրէին նաեւ 2 կամ 3 մանկական գծագրային շարժանկարներ (cartoons) ինչպէս եւ կը կրկնօրինակէին տարեկան 42-45 օտարալեզու ժապաւէններ: Աշխատակազմը կը հաշուէր մօտ 1200 մասնագէտ(3):

Գեղարուեստական առումով «Հայֆիլմ»-ը իր ոսկեդարը ապրեցաւ 60-ական թուականներու երկրորդ կէսին, երբ նկարահանուեցան «Եռանկիւնի»-ն, «Նռան գոյնը», «Բարեւ, ես եմ», եւ շարք մը այլ տպաւորիչ ժապաւէններ:

1990-էն ետք, հակառակ «ցուրտ ու մութ» պայմաններուն, արտադրութիւնը անմիջապէս չէր դադրած, հաւանաբար, որովհետեւ որոշ ժապաւէններ տակաւին կը գտնուէին իրենց յետարտադրական փուլին մէջ: Նկատել, որ «Հայֆիլմ»-ի սեփականաշնորհման նախօրէին (2005) արտադրութիւնը գահավիժած էր մինջեւ 0,4 ժապաւէնի…

Հակոտնեայ պատկերներ.- Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք պետական հիմնարկները ամէնուր կանգնեցան կործանումի հեռանկարին առաջ: Շարժապատկերը ամէնէն վտանգուած  մարզերէն մէկն է, որովհետեւ կը պահանջէ մեծ ներդրում եւ մարդուժ: Բայց պատկերը միեւնոյնը չեղա՛ւ ամէնուր: Սկսած ամէնէն մօտիկ եւ ցաւոտ օրինակէն … «Ազեր-կինօ»-ն կը շարունակէ արտադրել խորհրդային տարիներու թափով (10-12 ժապաւէն) եւ … կը մասնակցի միջազգային փառատօներու: Ցաւոտ այլ օրինակ մը եւս. մեր ոխերիմ բարեկամ Վրաստանը ոչ միայն վերանորոգած է հրոյ ճարակ դարձած սթիւտիոները, այլեւ կառուցած` նոր մը: Պետութիւնը գայթակղեցնող պայմաններ կ՛ապահովէ տեղական ե՛ւ օտար ժապաւէններու արտադրութեան(4): Յաջող օրինակներ են «Ղազախֆիլմ»-ը եւ մեծ շուկայ ունեցող «Մոսֆիլմ»-ը: Ձախողած ենք մենք եւ, օրինակ… «Թուրքմենֆիլմ»-ը…

Գործարքը.- 2005 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց (բազմաթիւ այլ պետական հիմնարկներու շարքին) սեփականաշնորհել «Հայֆիլմ» սթիւտիոն: Յայտարարուեցաւ աճուրդ: Շահագրգռուած էին երեք կողմեր:

Ա.- Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, որ կ՛առաջարկէր մէկ միլիոն տոլար եւ կը խոստանար հետագային 6 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել:

Բ.- Ոմն Խաչիկ Խաչիկեան, որ Քալիֆորնիոյ Չինօ քաղաքին մէջ դատապարտուած է ապահովագրական ընկերութենէն դրամ կորզելու նպատակով ինքն իր կալուածը հրդեհելու յանցանքով: Առաջարկի պայմաններուն ծանօթ չեմ: Ի դէպ, Չինոյի մէջ նման յանցանքներով բանտարկուած են շուրջ 7 հազար հայեր:

Գ.- «Սի. Էս. Մետիա սիթիհոլտինկ», որ կ՛առաջարկէր 600 հազար տոլար եւ հետագային` 5 միլիոն տոլարի ներդրում: «Սի. Էս. Մետիա սիթի»  կամ (Արմենիա սթուտիոս) կը նշանակեն Գաֆէսճեան հոլտինկ(5): Գ. հայցի առաջադրուելէ ետք առաջին երկուքը չքացան: Աճուրդ տեղի չունեցաւ: Գաֆէսճեանը իր հարստութեան լուրջ մէկ մասը գոյացուցած է վաճառելով «Legal Information» (օրինական տեղեկութիւն): Լսած եմ չարամիտ տարաձայնութիւն, որ կարելի չէ հիմնաւորել:

Այստեղ հարկ է նշել, որ «Հայֆիլմ»-ի վաւերագրական միաւորը, որ հիմնուած էր 1982-ին, 2006-ի կառավարական հրամանագրով կցուեցաւ Ազգային կինօ-կեդրոնին, եւ շարունակեց գործել որպէս «Փաստավաւերագրական ֆիլմերու Հայկական կինոսթուտիա»: Անձնակազմը կը հնշուէ քանի մը տասնեակ: Մասնակցած է փառատօներու եւ շահած` մրցանակներ: Այս ուսանելի կէտը կը յանձնեմ բոլորին ուշադրութեան: Այսուհանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութեան կինօ-կեդրոնի ապագան նոյնպէս հարցականներու տակ է: Այդ ընդարձակ նիւթ է, որուն հարկ է առանձին անդրադառնալ:

Տնտեսական.- Յստակ չէ, թէ այդ  600 հազար տոլարը ի՞նչ բանի փոխարժէքն էր: Գաֆէսճեանը կը ստանար ոչ միայն հոյածաւալ 3,7 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, այլեւ` «Հայֆիլմ»-ի ամբողջ գոյքը, ներառեալ` հարիւրաւոր ժապաւէններ եւ անոնց հեղինակային իրաւունքը: Ի դէպ, Գաֆէսճեանը իրաւատէր դարձած է նաեւ շարժապատկերի գրեթէ բոլոր սրահներուն:

Եթէ մէկ քառակուսի մեթր հողի գինը սեպէինք լոկ տասը տոլար, ապա դատարկ տարածքը ինքնին  պիտի արժէր 37 միլիոն: Այսինքն` վճարուած գումարին աւելի քան 60-ապատիկը: Նման սեփականաշնորհումներ պարզապէս գայթակղութիւններ են:

Աւելի՛ն. յստակ չէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ինչո՞ւ հրատապ կարիք ունէր այդ փոքր գումարին: Սրտցաւ դերասան Աշոտ Ադամեանի բառերով, «Հայֆիլմ»-ն աղքատ ընտանիքի վերջին ոսկեղէնը չէ, որ պարտքերից ազատուելու համար վաճառես»: Ի դէպ, այդ տարի Հայաստանի տնտեսութիւնը արձանագրած էր գրեթէ 14% աճ եւ գրեթէ զերօ սղաճ(6):

Դրժուած խոստումներ.– Ըստ կնքուած սեփականաշնորհման պայմանագրին, Գաֆէսճեան հիմնադրամը պէտք է նոր կեանք տար «Հայֆիլմ» շարժապատկերի սթիւտիոներուն` զանոնք հասցնելով հոլիվուտեան մակարդակի: «Սի. Էս. Մետիա Սիթի» նաեւ պարտաւորուած էր թուայնացնել «Հայֆիլմ» արխիւի ժապաւէններէն 410-ը: Այո՛, ճիշդ գուշակեցիք, այս պարտաւորութիւններու իրագործումը ապահովելու համար չէր նախատեսուած որեւէ յստակ մեքանիզմ, եւ խախտումի պարագային չէր նշուած որեւէ պատժամիջոց: Ներդրումի 2/3 մասը եւ գործընթացը ձգուած էր տեղեկավաճառի … ներողութիւն, Գաֆէսճեան հիմնարկի հայեցողութեան եւ բարի կամեցողութեան:

Ամբողջ 10 տարիներու ընթացքին պատահեցաւ հետեւեալը: Գաֆէսճեան հիմնարկը կարգաւորեց փոքր տարածք (թերեւս` մէկ սրահ) եւ այդտեղ նկարահանեց գովազդներ եւ «սերիալ»-ներ: Հայաստանի մէջ այսօր արտադրուած «սերիալ»-ներու որակին մասին նախընտրելի է չխօսիլ: Թուայնացուց  շուրջ 300 ժապաւէններ, բայց աշխատանքի որակը պարզապէս «խոտան» էր: Այս մասին արտայայտուած են շարժապատկերի սրտցաւ մասնագէտներ(7): Նախապէս 1200 հոգի իբրեւ անձնակազմ ունեցող հիմնարկը այդ շրջանին ունէր միայն 7 շարժապատկերի աշխատող եւ 5 ապահովութեան պաշտօնեայ:

«Հայֆիլմ»-ի գոյքը թալանուած է: Հիմնարկը կը պատճառաբանէ, թէ իրերն ու սարքերը  «մաշուած, քրքրուած, կոտրուած, մասնատուած, օգտագործման ոչ պիտանի» էին: Թերեւս այդպէս էր, ապացոյցներ չկան: Փաստն այն է, որ «կինոբեմադրական միջոցներից  առկայ չեն 165-ը» (8): Տնօրէնի պաշտօնակատար Դ. Կարապետեանը կը չքմեղանայ, որ` «շատ միջոցներ են անհրաժեշտ գոյքի պահպանման համար»: Բայց ինչո՞ւ պիտի անհետանային միայն կարգ մը իրեր: Ինչո՞ւ այդ «ոչ պիտանի» իրերը չէին կրնար շարունակել մնալ այնտեղ, ուր կային, երբ ամբողջ տարածքը կը գտնուէր անմխիթար վիճակի մէջ: Ներքեւ նշուած տեսերիզը յստակօրէն ցոյց կու տայ տխուր պատկերը(9): «Սի. Էս. Մետիա Սիթի» հիմնարկի տնօրէն յարգելի տիար Խաչատուր Ցոկոլոկեանը չէ ցանկացած այս մասին խօսիլ լրագողներուն հետ:

Դժուար վերադարձ.– Կը թուի, թէ Ժերար Գաֆէսճեանի մահէն ետք «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնարկը կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը ««Հայֆիլմ»»-ի հանդէպ: Շարժապատկերի արտադրութեան պայմանները իսկապէս որ անբարենպաստ են Հայաստանի մէջ(10): Այս մասին բազմիցս անդրադարձած եմ: Այստեղ հաւանաբար դեր ունեցած է նաեւ շարժապատկերի շրջանակներուն մէջ (եւ ոչ միայն) բարձրացող դժգոհութեան եւ բողոքի ձայները: Այսուհանդերձ, հիմնարկը չէր կրնար այս ձեռնարկէն դուրս գալ առանց որեւէ շահոյթի: Այդ խոտոր է պիզնեսի տրամաբանութեան: 31 օգ. 2015-ին «Գաֆէսճեան ընտանիք»-ը որոշեց ««Հայֆիլմ»»-ը վերադարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` 1,5 միլիոն տոլարի դիմաց: Այսպիսով, հիմնարկը իր խոտան եւ կիսատ թուայնացման եւ ակնյայտ թալանին որպէս գնահատանք կը վարձատրուէր 900 հազար տոլարով: Այդ գումարը արհամարհելի չէ, նկատի առած, որ ներդրումը միայն 600 հազար տոլար էր: Քաղաքական դաշինքի առկայութեան պայմաններու մէջ նման վարմունք խստօրէն պիտի պատժուէր` առանց ամբողջ տասնամեակ մը սպասելու:

«Հայֆիլմ»»-ը այժմ պետութեան կողմէ «հիմնուած» փակ բաժնետիրական ընկերութիւն է (ՓԲԸ), որ կը տնօրինէ Պետական գոյքի կառավարման վարչութիւնը: Հայկական շարժապատկերի ժառանգութեան հեղինակային իրաւունքները փոխանցուած են Հայկական ազգային կինօ-կեդրոնին (ՀԱԿ): Բայց ինչպէս վերը յիշած էի, ՀԱԿ իր կարգին սեփականաշնորհուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի: Այդտեղ այսօր կը կատարուին վարչական, ինչպէս եւ անձնակազմի փոփոխութիւններ:

Շարժապատկերներու թուայնացումը այժմ կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան կողմէ` օգտուելով «Ռուսֆիլմ»-ի ճարտարագիտական միջոցներէն: Բանակցութիւններ կը վարուին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ի մասնաւորի Չինաստանի դեսպանատան հետ: 2015-էն ի վեր թուայնացուած են տասնեակ մը ժապաւէններ(7): Կը նախատեսուի թուայնացնել տարեկան 7 ժապաւէն: Այս ընթացքով 410 պատմական ժապաւէններու որակաւոր թուայնացումը կ՛աւարտի… շուրջ 55 տարի ետք: Աչքալոյս` փոքրահասակ ընթերցողներուն:

Վերածնունդի նախաձեռնութիւն.- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը այսօր ալ հաստատ է ««Հայֆիլմ»»-ը սեփականաշնորհելու իր որոշումին մէջ: Կան երկու պատճառաբանութիւններ: Նախ ա՛յն, որ պետութիւնը անհրաժեշտ ներդրումներ կատարելու նիւթական կարողութիւն չունի: Ապա այն, որ ներկայ թուային ճարտարագիտութեան (CGI են) շնորհիւ` այլեւս կարիք չկայ 3,7 քառակուսի քմ տարածք ունեցող սթիւտիոյի:

Երկրորդ պատճառաբանութիւնը վստահաբար իրաւացի է: Սակայն … այդ տարածքը կը պատկանի Հայաստանի ժողովուրդին: Հարկ է, որ օգտագործուի մշակութային նկարագիր ունեցող ծրագիրներուն համար: «Հայֆիլմ»-ի պատմութեան վկայ շէնքերուն մէջ կարելի է … ո՛չ, հա՛րկ է հիմնել հայկական շարժապատկերի թանգարան, աւանդատուն: Այս ուղղութեամբ մշակոյթի նախկին նախարար Ա. Ամիրեանը արդէն իսկ հաւանութիւն յայտնած էր:

Առաջին պատճառաբանութիւնը միայն մասամբ հիմնաւորուած է: Թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ պետութեան մը առաջնահերթութիւններու դասաւորումը, անոր մշակութային ծրագիրը, քաղաքական հարց մըն է, որ չունի միանշանակ պատասխան: Ատիկա կախեալ է անհատի եւ վարչակարգի քաղաքական ուղղութենէն: Այստեղ կրնան ըլլալ անհատական փափաքներ եւ … հաւաքական պահանջներ:

Քանի մը տասնեակ երիտասարդ բեմադրիչներ, շարժապատկերի աշխատողներ եւ այլ  մտաւորականներ խմբուած են  ««Հայֆիլմ»-ի վերածնունդի նախաձեռնութեան» շուրջ: Այս երիտասարդները սեփական օրինակով կ՛ապացուցեն, որ «ոչ միայն փողիւ» կարելի է վերականգնել «Հայֆիլմ»-ը, կայ նաեւ մարդկային գործօնը: Մեր օրուան բարբառով` «դուխ»-ի գործօնը: Անոնք սկսան կամաւոր դրութեամբ կարգաւորել սթիւտիոյի պահեստները (եւ ոչ միայն), դատարկ տարածքներուն մէջ կատարեցին ծառատունկ:

Այս «վերածնունդի» գլխաւոր գործունէութիւնը հարցի անդուլ հետապնդումն է պետական պատասխանատու անձերու եւ մարմիններու մօտ: Այդ աշխատանքները իրենց արձագանգը կը գտնեն լրատուական միջոցներու մէջ եւ մանաւանդ` համացանցի վրայ: Այդպիսով կը կազմուի հանրային կարծիք եւ ճնշում: Այսպիսի միջոցներով կարելի եղաւ, օրինակ, փրկել եւ բարեկարգել «Կինօ Մոսկուա»-ի վտանգուած բացօթեայ սրահը: Ի դէպ, համացանցի վրայ կայ բողոքագիր մը, որ ընթերցողը կրնայ ստորագրել: Կրնայ նաեւ միանալ եւ կամ լոկ զօրակցիլ «Հայֆիլմ»-ի վերածնունդի նախաձեռնութիւն» շարժումին:

Կը թուի, թէ Հայաստանի մէջ տիրող մտայնութեամբ անհաւանական է «Հայֆիլմ»-ը (եւ ոչ միայն) ֆինանսաւորել պետական յատկացումներով: Այս ուղղութեամբ կան պաշտօնական յայտարարութիւններ:

Կարելի չէ վստահիլ սեփականաշնորհուած «Հայֆիլմ»-ի: Դրամագլուխը` պիզնեսը ունի ի՛ր տրամաբանութիւնը: Շարժապատկերի աշխատողներու միութիւնը այն կողմն է, որ ոչ միայն շահագրգռուած է շարժապատկերի արտադրութեամբ, այլեւ մասնագիտական առումով կարող` հսկելու: Չարեաց փոքրագոյնը կրնայ ըլլալ հետեւեալը. Շարժապատկերի աշխատողներու միութիւնը կրնայ գոյացնել ընտրովի եւ միութեան ընդհանուր ժողովին հաշուետու մարմին մը, որ`

Ա.- Անհրաժեշտաբար իր համաձայնութիւնը տայ ոեւէ սեփականաշնորհման պայմանագրութեան:
Բ.- Կանոնաւոր հերթականութեամբ տեղեկագիրներ ստանայ եւ հետեւի գնորդի աշխատանքներուն:

Հարկ է նաեւ գոյացնել հաշուետու ֆոնտ մը, որ հսկէ շարժապատկերի ժառանգութեան պահպանման եւ ջանայ հայթայթել նիւթական միջոցներ:

Մեր հոգեւոր մշակոյթին յենած` կ՛եզրակացնեմ, որ սատանան կարելի չէ ոչնչացնել: Կարելի է  դիմել աղօթքի հմայեկներու (իմա` դուխ եւ օրէնսդրութին), որոնք որոշ չափով կը խափանեն սատանայի չարիքը: Շուկայական յարաբերութիւններու գերիշխանութեան պայմաններու տակ շարժապատկերի արտադրութեան հսկող նման մարմին մը թերեւս կարենայ այդ հմայեկը դառնալ:

«Հայֆիլմ»-ը շարժապատկերի (եւ ոչ միայն) միակ ժառանգութիւնը չէ՛, որ վտանգուած է շուկայական յարաբերութիւններու կողմէ: Ինչպէս վերը յիշեցի, վտանգուած է, օրինակ, «Կինօ Մոսկուա»-ն: Այժմ իսկական վտանգ կը սպառնայ «Ռասիա» շարժապատկերի համալիրին: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ երբեմնի արդիապաշտ ճարտարապետութեան արտադրած այդ համալիրի սկզբնական պատկերը: Մեզմէ շատեր հաւանաբար գտնուած են այդտեղ, որովհետեւ կը գտնուի «Զօրավար Անդրանիկ» կայանին վերեւ: Շատեր, ուրեմն, տեսած են, թէ ինչպիսի՛ խայտառակ վիճակի մէջ կը գտնուի ներկայիս:  Լուրջ վտանգ կայ, որ մշակութային այս յուշակոթողը եւս վերածուի աննկարագիր շարքային մոլի մը:

Աւելի քան հազար քմ հեռաւորութեան վրայ այս ուղղութեամբ տեղեակ էի, բայց «կարծրատիպեր կոտրող» (11) մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը յայտարարած էր, թէ տեղեակ չէ, ինչպէս եւ տեղեակ չէր «Հայֆիլմ»-ի  թղթածրարէն: Հարց չէ, «Վերածնունդի» անդամներ համբերատար կը տեղեկացնեն: Նախարարին ելոյթները առ հասարակ խրախուսիչ չեն, ան «Վերածնունդի» շարժումը կը յորդորէ ըլլալ իրապաշտ, այլ ոչ` վիպապաշտ: Ասիկա զարմանալի է, քանզի իր ներկայացուցած 100 օրուան իրագործումներու տեղեկագիրը վիպերգութիւն մըն էր:

Պէտք է յուսալ, որ հայ շարժապատկերի ապագան կը տեղադրուի աւելի վաւերական թաւիշի վրայ:

21 օգ. 2018

—————————————————-

  1. Որպէս «Հայպետկինօ»: Ապա ստացած է զանազան անուանումներ մինչեւ 1966, երբ ստացաւ ներկայ անունը:
  2. Նկարահանուած սակաւաթիւ ժապաւէններէն մէկն էր Բեկնազարեանի «Դաւիթ Բեկ»-ը (1944):
  3. Փայտեան Նայիրա, «Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն, երէկ եւ այսօր», Կինոաշխարհ, 12 յունուար, 2015:
  4. Գասպարեան Անի, «Ո՞ւմ է ձեռնտու թաղել «Հայֆիլմ»»-ը, «Անկախ», 21 յունուար 2016:
  5. «Հոլտինկ» այն ընկերութիւնն է, որ իրաւատէրն է բազմաթիւ տնտեսական հաստատութիւններու:
  6. «Հայաստանի տնտեսական աճը 2004-2008» http://www.armstat.am/file/article/poverty_2009_2.pdf
  7. Տե՛ս Panorama.am «Մշակոյթ», 4 նոյ. 2016:
  8. «Կառավարութիւնը հաստատեց «Հայֆիլմ»-ը պետութեան վերադարձնելու…», «Արմէնփրես» 31 օգ. 2015:
  9. https://www.facebook.com/100013842969752/videos/vb.100013842969752/487074038430691/?type=2&video_source=user_video_tab.
  10. Տե՛ս Panorama.am «Մշակոյթ» «Գէորգ Գէորգեան. Հայաստանում այսօր` կոմերցիա չէ», 24 հոկ. 2016:
  11. Ամալեա Յովհաննիսեան, «Լիլիթ Մակունց` կարծրատիպեր կոտրող մշակոյթի նախարարը», Մետիամաքս, (https://mediamax.am), Հասարակութիւն, 30 մայիս, 2018:
Նախորդը

Ուշագրաւ Հանդէս Եւ Յուշարձաններու Հարցը

Յաջորդը

«Գորշ Գայլեր»-ը, Էրտողան Եւ Թրքական Պետութեան Խորքային Համակարգը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Comments 1

  1. Hratch Barsoumian says:
    7 years ago

    Լուսանկարը ցոյց կու տայ Կինօ Րասիայի ներկայ պատկերը: Սկզբնականը բոլորովին այլ էր:

    Reply

Leave a Reply to Hratch Barsoumian Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?