ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Մարիա Թոսունեան եւ զաւակը` Կարէն
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Քրիստին Թոսունեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Սեդա Քիւրեճեան
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Սարին Համբարձումեան եւ դուստրը
Համբարձումեան ընտանիք
Տիկին Նուարդ Ամատունի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Լուսին Թոսունեան եւ զաւակունք (Յորդանան)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անի Եփրեմեան եւ զաւակը
Համբարձումեան եւ Թոսունեան ընտանիքներ
Քիւրեճեան եւ Ամատունի ընտանիքներ
Թոքաթլեան եւ Սեֆիլեան ընտանիքներ
Օսկանեան եւ Օննիկեան ընտանիքներ
Եփրեմեան եւ Սարաֆեան ընտանիքներ
Չոլաքեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց դստեր, քրոջ, զարմուհիին եւ հարազատին`
ՄԱՐԻԱ ԱՆԺԵԼԱ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 2004-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7,00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԶԵԱՆ
շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԻՐԱԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱԼԻՍ ԱՐԹԻՆԻ (Ծնեալ ԳԷՈՐԳԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՄԿՐԵԱՆ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2018-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ՄԱՏԼԵՆ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆի մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆՆԵՐՈՒ մահուանց յիշատակին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2018-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Բարձր Հովանաւորութեամբ`
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան
«ՖՐԱՆՔՈՖՈՆ»-ի Ծիրին մէջ
ՆՈԱԶ ԱՐՔ Արուեստի Ցուցասրահը
Սրտագին կը հրաւիրէ ձեզ
Ֆրանսահայ տարբեր սերունդներու Գեղանկարիչներու
Ցուցահանդէսի մը
ԷՏԿԱՐ ՇԱՀԻՆ, ԳԱՌԶՈՒ, ԺԱՆՍԵՄ, ՇԱՐԹ եւ ԱՍԱՏՈՒՐ
Բացում: Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն 9:00:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի 13-էն 27 սեպտեմբեր, 2018 (ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, բացի կիրակի օրերէն):
—————————————
«ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ»
ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ, ՀԵՌ. 04/410001
1.- Արձանագրութիւն`
2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան 21 եւ 28 սեպտեմբերին, ժամը 4:00-6:00:
2.- Դասաւանդութիւնները կը սկսին 5 հոկտեմբեր 2018-ին:
3.- Պետական Քննութիւններ`
Այս տարի պետական BT-ի եւ TS-ի քննութիւններուն ներկայացած են 8 հոգի, որոնցմէ 5-ը յաջողած են, իսկ 3-ը` ձախողած. անոնք պետական քննութեան 2-րդ շրջանին կը պատրաստուին:
BT-ի քննութեան յաջողած են` Նայիրի Ադամեան, Իրմա Տէտէեան եւ Ռիթա Տիշչէքէնեան, իսկ TS-ի քննութեան յաջողած են` Լիւսի Թոփուզեան եւ Արազ Մինասեան:
4.- Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ 2018-2019 տարեշրջանին պիտի ունենանք յատուկ դասընթացքներ պետական LT բաժինին: Մանրամասնութիւններու համար կապուիլ «Խաչեր Գալուստեան» կեդրոն:
5.- Մանկավարժական կեդրոնը անցեալ տարիէն սկսեալ սերտօրէն կը գործակցի Կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնին հետ: Մանրամասնութիւններու համար դիմել քարտուղարութեան:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու
Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան
Ֆանար – Լիբանան
2018-2019 Տարեշրջան
Հեռ. 01/891068 – 891099
2018-2019 Տարեշրջանի Արձանագրութիւններ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, ամէն օր (բացի շաբաթ օրերէն), առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (SG)
– Կենսաբանութիւն (SV)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Նորեկ աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ քարտուղարութեան` անհրաժեշտ փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու համար:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
– Չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2018 – Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
– Երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2018 – Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
– Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2018 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
ԾԱՆՕԹ.- 1) Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:25-14:30:
2) Գրենական պիտոյքի եւ համազգեստի վաճառում` երկուշաբթի, 10 սեպտեմբերէն սկսեալ` առաւօտեան ժամը 8:30-1:00, (բացի շաբաթ օրերէն):
Ուսումնական նոր վերելքներու ակնկալութեամբ բարի վերամուտ կը մաղթենք մեր ծնողներուն եւ աշակերտներուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԾԱԽՈՒ ԵՆ
Հայաստանի մէջ հողաշերտեր եւ բնակարաններ` զանազան չափերով: Դիմել` հեռ. 03-335368, պրն. Լէոն Այնթէպլեանին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ դիմաց, մայր ճամբուն վրայ, 4-րդ յարկ, 100 քառ. մեթր:
Դիմել` հեռ. 76-691830: