Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Թեհրանի Մէջ Ռուսիա – Թուրքիա – Իրան Վեհաժողով. Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Եւ Իրանի Նպատակը Իտլիպը Գրաւելն Է»

September 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, խօսելով Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներու շղթայազերծած զինուորական գործողութեան մասին, յայտարարած է, թէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն աջակցող Ռուսիոյ եւ Իրանի նպատակն է գրաւել Իտլիպը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:

«Մենք անմիջական կապի մէջ ենք բանակցային Հոլովոյթին մէջ Ասատի վարչակարգին երաշխաւորը հանդիսացող Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Ոչ ոք դիմացինը թող խաբէ, ասոնց նպատակը Իտլիպը գրաւելն է: Այս ամէնը լուրջ վտանգներ կը պարունակէ: Ամէն կողմէ ասիկա ողբերգութիւն պիտի դառնայ: Յարձակումէն ետք մենք կապի մէջ մտած ենք Ռուսիոյ հետ, ըսած ենք, որ այդ ամէնը սխալ է: Թեհրանի մէջ վեհաժողովին ընդառաջ այդպիսի բան ընելը ճիշդ չէ», ըսած է Չաւուշօղլու:

4 սեպտեմբերին յայտնի դարձած էր, որ Ռուսիոյ օդուժը կը մասնակցի Իտլիպ նահանգին դէմ թիրախային ռմբակոծման, ինչ որ կը կատարուի նահանգը զինեալ ընդդիմադիրներէն ազատագրելու նպատակով:

Յատկանշական է, որ ռմբակոծումէն ժամեր առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախազգուշացուցած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու անոր դաշնակիցներ Ռուսիան ու Իրանը զերծ մնալ ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպ նահանգի դէմ «անխոհեմ» յարձակում գործելէ:

Մէկ օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, թէ Իտլիպի մէջ կրնայ բնակչութեան կոտորած տեղի ունենալ, եւ կացութեան այդպիսի զարգացման պարագային Թուրքիան կրնայ կանգնիլ գաղթականական ճգնաժամի առջեւ:

Ինչպէս ծանօթ է, Իտլիպի մէջ գործող ընդդիմադիր ծայրայեղական խմբաւորումները հիմնականին մէջ կը վայելեն Թուրքիոյ աջակցութիւնը: Իտլիպ կը նկատուի Սուրիոյ մէջ  ընդդիմադիր ծայրայեղականներու վերջին մեծ յենակէտը, ուրկէ անոնք պարբերական յարձակումներ կը գործեն սուրիական բանակի դիրքերուն եւ Հմէյմիմի մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայանին դէմ:

Միւս կողմէ, թրքական «Ենիչաղ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութեան պատճառով Թուրքիա կրնան գալ յաւելեալ երկու միլիոն գաղթականներ, որոնց շարքին նաեւ` ահաբեկիչներ:

«Այս ահաբեկիչները Թուրքիան Իտլիպ չէ բերած: Ինչո՞ւ այս ահաբեկիչները Արեւելեան Ղութայէն, Հալէպէն քշուած են այս կողմ: Սկիզբէն յայտնի էր անոնց ծրագիրը», ըսած է Չաւուշօղլու:

Նշենք, որ այսօր Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիա – Թուրքիա – Իրան վեհաժողովը, որուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Իտլիպի կացութիւնը:

 

Նախորդը

Ըստ «Հայաթ»-ի. Անգարա Եւ Մոսկուա Իտլիպի Հարցով Փոխհասկացողութիւն Գոյացուցած Են

Յաջորդը

Ֆրանսա Պիտի Հարուածէ Սուրիան, Եթէ Ան Քիմիական Զէնք Գործածէ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.