Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Հայաթ»-ի. Անգարա Եւ Մոսկուա Իտլիպի Հարցով Փոխհասկացողութիւն Գոյացուցած Են

September 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաթ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրին, հաղորդեց, որ Անգարա եւ Մոսկուա գոյացուցած են փոխհասկացողութիւն մը, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին կը խնայէ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծումը: Երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած փոխհասկացողութիւնը պիտի ներկայացուի այսօր` Թեհրանի մէջ գումարուելիք Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմ վեհաժողովին ընթացքին:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն նուիրուած թուրք-ռուսական աշխատանքային յանձնախումբը Իտլիպի հարցին լուծման համար բոլոր կողմերէն ընդունելի ելքեր գտնելու հարցով մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է` աւեցնելով, որ Մոսկուայի եւ Թեհրանի արտայայտութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ կան:

Ան հաւանական նկատեց, որ գոյանայ համաձայնութիւն մը, որ կ՛երաշխաւորէ ահաբեկչական խմբաւորումներու Իտլիպէն հեռացումը, Թուրքիան կը ղեկավարէ այդ գործողութիւնը, եւ անոր բաւարար ժամանակ կը տրամադրուի այդ նպատակը իրագործելու, ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը մուտք կը գործէ Ժըսր Շուղուր եւ Համայի ու Ղապի դաշտին մէջ զգայուն շրջաններ, սուրիական բանակը մուտք չի գործեր այդ շրջանները, որոնք պիտի մնան Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ:

Ռուսերը համաձայն գտնուած են, որ թուրքերը գրաւեն զինեալ խմբաւորումներուն ծանր զէնքերը, եւ անոնց վստահուի այդ շրջաններուն մէջ անվտանգութեան ապահովումը, փոխարէնը Թուրքիա կը խոստանայ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին եւ սուրիական բանակին դէմ որեւէ յարձակում արգիլել:

Անգարա համաձայն գտնուած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան քաղաքային կառոյցները` ռուսական հովանաւորութեամբ, մուտք գործեն վերոնշեալ շրջաններ: Երկու կողմերը համաձայնած են, որ Ռուսիան եւ Իրանը Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն անցքերը բանան, փոխարէնը թրքական կողմը կը հսկէ դիմացի կողմի անցքերուն:

Ռուսիան եւ Թուրքիան կը ստանձնեն Համայի հիւսիսային շրջանէն Պապ Սալամա սահմանային անցք երկարող միջազգային ճամբան բանալու եւ պաշտպանելու պարտականութիւնը:

Թրքական կողմը առաջարկած է Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ հետախուզական գործակցութեան կեդրոն ստեղծել` ահաբեկչական խմբաւորումներուն դիրքերը ճշդելու եւ զանոնք հարուածելու շուրջ համակարգում կատարելու համար:

 

 

Նախորդը

«Իսրայէլ Իրանին Պիտի Չարտօնէ Սուրիոյ Մէջ Ռազմակայաններ Ստեղծել» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Յաջորդը

Այսօր Թեհրանի Մէջ Ռուսիա – Թուրքիա – Իրան Վեհաժողով. Չաւուշօղլու. «Ռուսիոյ Եւ Իրանի Նպատակը Իտլիպը Գրաւելն Է»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.