Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ. Փոմփէօ. «Կը Բաժնենք Իտլիպի Մէջ Ահաբեկիչներու Ներկայութեան Շուրջ Ռուսիոյ Մտահոգութիւնը Եւ Կը Յուսանք Հարցը Լուծուի Դիւանագիտութեան Ճամբով»

Սեպտեմբեր 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը բաժնեն Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ահաբեկիչներու ներկայութեան շուրջ Ռուսիոյ մտահոգութիւնը եւ պատրաստ են այդ հարցով աշխատանք տանելու:

«Միացեալ Նահանգներ ուրախ պիտի ըլլան այդ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան վերջ տալու շուրջ աշխատելու», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը յուսան, որ Իտլիպի շուրջ կացութիւնը կը լուծուի դիւանագիտութեան ճամբով:

ՕԹԱՆ-ի բանբեր Oուանա Լունկեսքու իր կարգին առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց` «ինքնազսպումի եւ ետ կանգնելու որեւէ քայլէ, որ կրնայ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վատթարացնել»:

«Կարեւոր է, որ շրջանին մէջ գործող բոլոր ուժերը ինքնազսպումի դիմեն եւ ետ կանգնին Սուրիոյ մէջ արդէն իսկ աղէտալի եղող մարդասիրական կացութեան վատթարացման պատճառ դառնալէ», ըսաւ ան:

«Հակառակ այն իրողութեան, որ իր ուժերը Սուրիա չեն գտնուիր` դաշինքը, այսուհանդերձ կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական հաստատ լուծումի գոյացման ձգտող ջանքերուն», նշեց ՕԹԱՆ-ի բանբերը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ Իտլիպի մէջ կը ռմբակոծեն Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Սուրիոյ Մէջ Վերջնական Նպատակներու Հարցով Տարակարծիք Է Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?