
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները չեն կրնար ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը խանգարել:
«Յայտարարութիւնը այն մասին, թէ ընտրութիւնները կրնան խանգարել բանակցային հոլովոյթը, չի համապատասխաներ իրականութեան: Ընտրութիւնները բոլոր երկիրներուն մէջ տեղի կ՛ունենան պարբերաբար, սակայն անկախ ընտրութիւններուն արդիւնքէն, այդ երկիրներու դիրքորոշումները չեն փոխուիր: Մենք որեւէ տարբերութիւն չենք տեսած Քոչարեանի եւ Սարգսեանի միջեւ: Առայժմ մենք չենք կրնար կանխատեսումներ կատարել Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ, սակայն ներկայ պահուս մենք գործող նախագահին լուրջ մրցակից չենք տեսներ», ըսած է Ազիմով:
Միւս կողմէ, ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արազ Ազիմով յայտարարած է, որ առանց Ազրպէյճանին` շրջանին մէջ որեւէ նախագիծ կեանքի պիտի չկոչուի:
«Շրջանին մէջ Ազրպէյճան իր խօսքը ունի, առանց անոր շրջանին մէջ ոչ մէկ նախագիծ պիտի իրականանայ: Միեւնոյն ատեն, մենք աշխուժ կերպով կը մասնակցինք շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին», ըսած է Ազիմով:


