Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլեւս… Բեն

Յուլիս 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ա. մասի ամփոփում.- «Ոսկէ ծիրան» կազմակերպութիւնը մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպած է հարիւրամեակին նուիրուած շարժապատկերի  ցուցադրութիւններ` շուրջ տասը երկիրներու մէջ: «Այլեւս երբեք»-ը ծրագիրի չորս բներգներէն մէկն է: Ներքեւի գլուխներուն մէջ ներկայացուած ժապաւէնները ցուցադրուած են տեղական ծրագիրներու շուրջ 50 տոկոսի ծիրին մէջ:

7-16-15_Carla_Garapedian«Ճչացողներ» (Screamers) 2006,  89 վայրկեան, բեմադրիչ` Քարլա Կարապետեան (Միացեալ Նահանգներ): Ֆինանսաւորուած է «Պի.Պի.Սի.»-ի կողմէ: «Այլեւս երբեք»-ի բացումը կատարուեցաւ այս ժապաւէնի ցուցադրութեամբ:

Հիմնուած է ամերիկացի ակադեմական Սամանթա Փաուըրի «Է փրոպլեմ ֆրամ հել. Ամերիքա էնտ տի էյճ օֆ ճենոսայտ» (Դժոխային հարց մը.- Ամերիկա եւ ցեղասպանութեան դարը) գիրքի այն դրոյթին վրայ, թէ հայկական եղեռնը որպէս նախատիպ (model) ծառայած է հետագայ ցեղասպանութիւններու համար, եւ թէ` մեծ պետութիւններու լռութիւնը արտօնած է, որ անոնք կրկնուին:

7-16-15_system-of-a-down-2011Ունի ճակատային, քարոզավարի բնոյթ: Կարապետեան կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը պատրաստած է, որովհետեւ հայկական ծիներ կը կրէ: Գործը կը համարէ վաւերագրական: Բայց այդտեղ «դեր վերցուցած են» Հրանդ Տինքի եւ Սերժ  Թանքեանի նման մակնիշային դէմքեր: Տինք այլեւս այստեղ չէ: Գլխաւոր դերակատար Թանքեան, որ դեռեւս այստեղ է, կը ցուցադրէ իր այլազան դէմքերը: Զայն կը տեսնենք սրտառուչ տեսարանի մը մէջ, ուր կը խնամէ իր զառամեալ մեծ հայրը, մինչ աղեկէզ ծերունին կ’աւանդէ իր վկայութիւնը (1): Կը տեսնենք նաեւ Սերժի ռազմաշունչ երեսը, երբ ան կը ճակատի Քոնկրեսի նախագահին դէմ: Լուսիֆերի հետ հանդիպումները զանց առնուած են: Կարապետեանի եւ Թանքեանի նախնիները եղած են համագիւղացի (շիթ մը արցունք): Կ՛ըսէ, թէ «ճիչ»-ը (իմա` բողոքը) հարցերը չի լուծեր, բայց վառ կը պահէ դատը: Թէ երաժշտութիւնը համամարդկային լեզու է: Թէ` ինք նախապէս Էլթըն Ճոնի(2) երկրպագուն եղած է, բայց Թանքեանի հանդիպելէ ետք համոզուած, որ պայքարին համար պէտք է ընտրել աղմկալի զայրոյթավառ «Հեւի մեթըլ» երաժշտութիւնը: Հաւատացած է, որ  Թանքեանի խումբը` «Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ը (կը մասնակցի կենդանի կատարումներով) «կը դաստիարակէ» իր երկրպագուները: Թէ կարճ շրջանի մը ընթացքին «Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ը աւելի մեծ գործ իրականացուցած է, քան ամբողջ Միացեալ Նահանգներու համայնքը` կէս դարու ընթացքին (3):

7-16-15_2«Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ»  2012,   87 վայրկեան

Բեմագիր, բեմադրիչ եւ արտադրող` Յարութիւն Խաչատրեան:  Ժապաւէնը 2013-ին ստացած է «Հայակ» լաւագոյն բեմադրիչի եւ լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի մրցանակները:

Բներգը կրկնուող հրատապ հարցն է. «Ի՞նչն է, որ մարդիկ կը մղէ արտագաղթի»: Կը սկսի Խորհրդային Միութեան փլուզումով:  Ժապաւէնին հերոսը, որ ինքզինք «Հայկ» կ’անուանէ, կը լքէ երկիրը:  Հայոց նահապետը կը լքէ իր ժողովուրդը եւ կ’երթայ «վախենալու չափ հեռու»: Ինքզինք կ’աքսորէ դէպի «տայգա», ուր կը դիմագրաւէ դաժան բնութիւնը (խորհրդանշական), կը սորվի «դրսում ապրել»: Կը փորձէ գտնել փիլիսոփայական «հիմնաւորումներ»:

Ժապաւէնին հերոսը վկայեալ բեմադրիչ մըն է (զուգադիպութի՞ւն), ուրեմն կը գիտակցի, որ անիմաստ պիտի ըլլայ վերադարձը ընդունիլ որպէս բնագիրի «վերջաբան»: Կը մէջբերեմ  (ուշադրութիւ՛ն). «Հայրենիքից հեռանալու, արտագաղթելու խնդիրները, սեփական «ես»-ի անվերջ փնտռտուքը զուտ հայկական առանձնայատկութիւններ չեն: Մարդկութիւնը, ազգերը երկրից երկիր են տեղափոխւում եւ յաճախ անհասկանալի են պատճառները` հացի՞ խնդիր է, հոգեբանակա՞ն, թէ՞ աւելիին հասնելու ձգտում»:

«Հայկ Նահապետ» կ’երազէ «աշխատած գումարներով վերականգնել խոնարհուած վանքը… Անվերջ փախուստ` վերադարձի յոյսով»: Մինչ խորապատկերի վրայ է Մոսկուայի հայոց խճողուած գերեզմանատունը …

7-16-15_imagesԱնպատասխան հարցերը անտառի եզրին կայծկլտացող մոխիրի նման կը մխան, նոյնիսկ երբ «հերոսը հեռանալուց առաջ ձիւն է լցնում վրան…»:

Խաչատրեան կ’ըսէ, թէ «Անվերջ փախուստ»-ին վրայ աշխատած է 25 տարի: Ժապաւէնը ցարդ մասնակցած է շուրջ 10 միջազգային փառատօներու:

Անձնապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանի արիւնաքամութիւնը ունի յստակ պատճառներ: Պատմական գաւառներու պանդխտութիւնը նոյնպէս ունէր շատ յստակ պատճառներ: Յոյսով եմ, որ բեմադրիչը չի փորձեր ուշադրութիւնը շեղել դէպի հոգեբանական լաբիւրինթոս:

Հարիւրամեակի ծիրին մէջ ինչպէ՞ս հասկնալ այս ժապաւէնին կրկնուող ցուցադրութեան քաղաքական իմաստը: Գուցէ տարագրուած հայութիւնը «հոգեբանական» պատճառներով այնպէս ալ պիտի լքէ՞ր իր հայրենի տունը: Գուցէ բեմադրիչը ծինաբանութեամբ կը հիմնաւորէ՞ «թափառական հայու» կերպարը: Ահա եւ ի՛մ «մխացող» հարցը:

7-16-15_Ararat7-16-15_33«Արարատ».– 2002, Ատոմ Էկոյեան, 116 վայրկեան,   պիւտճէ` 10 միլիոն տոլար:

Դասուած է …, որովհետեւ կը պարունակէ «անպատշաճ» տեսարաններ եւ լեզու:

Դիպաշարը կը յիշեցնէ Լեւոն Շանթի « … որ շիներ է վարպետ Անտոնը» մանկական «օղակային» շուտասելուկը:

Վերապրած որբ մը (Ոստանիկ Ադոյեան) կը դառնայ գեղանկարիչ: Ինքզինքին կու տայ նոր ինքնութիւն` Արշիլ Կորքի (Սիմոն Աբգարեան): Արշիլ որդան կարմիրի բուսական տարբերակն է, իսկ «Կորքի» ռուսերէնով կը նշանակէ դառն, դառնացած: Արշիլ նոյնիսկ թելադրած է, թէ ինք Մաքսիմ Կորքիի (1868-1936) զարմիկն է(4): Արշիլ կ’ուզէ «վերակենդանացնել» իր մայրը` հիմնուած անոր միակ լուսանկարին վրայ: Քանատացի արուեստաբան Անի (Արսինէ Խանճեան) մենագրութիւն մը գրած է Արշիլ Կորքիի մասին: Անի իր առաջին ամուսինէն ունի Սելիան, իսկ երկրորդ ամուսինէն` Րաֆֆին (David Alpay): Րաֆֆի եւ  Սելիան իրարու հետ կը պառկին (5): Առաջին ամուսինը անձնասպանութիւն գործած է: Երկրորդը սպաննուած` թուրք դեսպանի մը դէմ կատարուած մահափորձի ընթացքին: Էդուարդ Սարոյեան (Շարլ Ազնաւուր) ժապաւէն մը կը պատրաստէ Վանի ըմբոստութեան շուրջ: Ժապաւէնին մէջ պատանի Ոստանիկին կը տրուի նամակատարի յանձնարարութիւն: Անի կը զինուորագրուի որպէս Արշիլ Կորքիի մասնագէտ: Անիին աշխատավայր պատկերասրահի պահակներէն մին կը թողու իր կինն ու զաւակը եւ կը միանայ իր «պոյֆրենտ»  թուրք Ալիին (Էլիաս Քոթես, կիսով թուրք): Սարոյեանի ժապաւէնին մէջ Ալի կը խաղայ վայրագ Ճէւտէթ պէյի դերը: Րաֆֆին կը մեկնի Անի` յարիր վաւերագրական նիւթեր նկարելու համար: Վերադարձին Րաֆֆիին թուրք առաջնորդը անոր կու տայ ֆիլմերիզի տուփեր, որոնք, սակայն, փոխան ժապաւէնի, հերոյին կը պարունակեն: Մաքսատան պաշտօնեան, որ պատկերասրահի պահակին հայրն է, եւ որ Ճեւտեթի սիրահարն է, որ դեր վերցուցած է Սարոյեանի ժապաւէնին մէջ, (որ շիներ է վարպետ Աթոմը) «գիտէ, թէ Սարոյեանի ժապաւէնը արդէն իսկ աւարտած է: Կը գուշակէ, որ տուփերը ժապաւէն չեն պարունակեր: Բայց փոխանակ զանոնք պարզապէս մութ սենեակի մէջ  բանալու, կ’ուզէ այդ փաստել` ի գործ դնելով միայն իր հետախուզական հմտութիւնը: Այդ հարցաքննութիւնը իր «աւարտական» աշխատանքը պիտի ըլլար: Յաջորդ օր Տէյվիտ հանգստեան պիտի կոչուէր:

Էկոյեանի բնագիրը բարդ է: Բարդ է եւ մանաւանդ` «արհեստական»: Բայց միթէ աւելի յարիր պիտի ըլլա՞ր ցեղասպանութեան ընկալման եւ կամ ուրացումի հարցը տալ պարզունակ բնագիրով մը: Ներհիւսուած (խճճուած) ասքերը էական են կառոյցին: Էկոյեանի դիպաշարը մասնատուած է, առ երեւոյթ` անկապ: Բայց միթէ գո՞յ է պարզ իրականութիւն: Որպէս հաւատացեալ յետարդիական` Էկոյեանի պատասխանը «ո՛չ» է(6): Կարելի չէ, որ արուեստի գործ մը ունենայ յստակ աւարտ: Ամբողջ ութ տարի աշխատանքէ ետք Արշիլ Կորքիի պաստառը մնացած էր անաւարտ: Այդտեղ թերեւս կան տակաւին անլոյծ հարցեր: Թէեւ այս մասին կան այլ կարծիքներ (7): Էկոյեանի արուեստի երկբայական նկարագիրը բռնօրէն քննադատուած է յանձնառու արուեստաբաններու կողմէ:

7-16-15_2002_ararat_002Անհաւանական այս օղակները կը շեշտեն ժապաւէնին  «շինծու» ըլլալու հանգամանքը: Ժապաւէնի գրեթէ բոլոր հերոսները «կը հնարեն»: Անին` կենսագրութիւն, Ռուբէնը` բնագիր, Սարոյեանը` ժապաւէն, իսկ Րաֆֆին … հայոց պատմութիւն: Էկոյեան կը հաւատայ, որ պատմութիւնը «ականջ տուող»-ի պէտք ունի: Տէյվիտ այդ ականջ տուողն է: Նկատել, որ Տէյվիտ ազգանուն չունի: Կը ներկայացնէ ընդհանրապէս օտարը, քանատացին, որ ոչինչ գիտէ հայերու մասին, բայց տրամադիր է լսել: Այս իմաստով անոր դերը աւելի քան կեդրոնական է: Իսկ «պատմող»-ը Րաֆֆին է: Անունի ընտրութիւնը ակնյայտօրէն խորհրդանշական է: Կորուսեալ հայրենիքի ասքը յանձնուած է Րաֆֆիին: Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք Րաֆֆիի յուշերը (վիտէոն), հերոյինի տուփերը եւ (կարող  դերասան) Քրիստոֆըր Փլամըր, որ կը փորձէ հասկնալ եւ արժեւորել Րաֆֆիի ասքը: Հանդիսատեսը կը հետեւի Տէյվիտի «հոգեփոխութեան»: Ա՛յս է ժապաւէնի դրական երեսը եւ միտք բանին: Տէյվիտ կը հաւատայ, որ Րաֆֆի անկեղծ է: Մաքսատան պաշտօնեան ազատ կ’արձակէ Րաֆֆին, հակառակ անոր որ տուփերը իսկապէս հերոյին կը պարունակեն: Ուշադրութիւ՛ն, Էկոյեան այս ձեւով կը միտի նսեմացնել վաւերագրութեան կարեւորութիւնը: Տէյվիտ «բարոյական» ճշմարտութիւնը կը գերադասէ առարկայական ճշմարտութեան: Ձեւով մը կ’արձանագրուի «բարոյական յաղթանակ»:

Այսուհանդերձ, հայու ցաւը պատմող Րաֆֆիի անգիտակցաբար կրած հերոյինի խորհրդանշական իմաստը կը մնայ յոյժ մեկնաբանելի:

Էկոյեան հայերէն կարդալ չէ սորված: Հասկցած է սակայն, որ Րաֆֆիի գործերը ունին որոշ պատմական հիմք, բայց վերջին հաշուով վէպեր են: Րաֆֆի տեսլապաշտ մըն էր: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Կորքիի պաստառը հիմնուած է լուսանկարի մը վրայ, բայց «կ’ըսէ » շատ աւելին: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սարոյեանի ժապաւէնը հիմնուած է բժիշկ Clarence Ussher-ի յուշերուն վրայ, բայց բեմագիրը` Ռուբէն (նկատել, որ հայ է եւ ազգանուն չունի) ինքզինքին տուած էր «բանաստեղծական արտօնագիր»: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սիամանթոյի հարսերու «Պարը», որ տեղ գտած է Սարոյեանի ժապաւէնին մէջ, հիմնուած է միսիոնարի մը վկայութեան վրայ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս սպաննուած գաղտնի բանակայինի որդի Րաֆֆիի ասքը հիմնուած է «ժառանգուած» յիշողութեան վրայ: Վկայութիւններու իրաւական արժեւորումը ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է: Էկոյեան քաջ տեղեակ է այդ գրականութեան:

Սարոյեանի «Արարատ»-ը.-  «Արարատ»-ը Ցեղասպանութեան մասին չէ: Էկոյեանի ժապաւէնը Ցեղասպանութեան մասին անարուեստ ժապաւէն մը «շինելու» մասին է: Էկոյեան այս բազմիցս յայտարարած է տեսակցութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ` գրաւոր: Ի գիտութիւն անգիտաց` Էկոյեան կը սիրէ նաեւ գրել:

Սարոյեան կը ներկայացնէ «բարեպաշտ» հայ արուեստագէտը: Իբրեւ աղաղակող տարբերութիւն յետարդիական Էկոյեանի` Սարոյեան անվերապահօրէն կը հաւատայ իր նկարած պատկերին, իր իսկ «շինած առարկային»: Բժիշկ Usher-ի դերակատարը անկարող է իր խաղացած դերը զանազանել իրականութենէն: Երբ նկարահանման ընթացքին Անի դիտել կու տայ, որ (խորապատկերի վրայ երեւցող) Արարատ լեռը կարելի չէ տեսնել Վանէն, Մարթին (դերասանը) կը պոռթկայ: Կը մէջբերեմ ամբողջութեամբ, մեղմացուած բառերը կը նշեմ (****)-ով .-

«Այս ի՞նչ է, խէրն անիծած, Մենք շրջապատուած ենք թուրքերով: Պաշարները գրեթէ սպառա՛ծ են: Մեր մեծ մասը պիտի սպաննուի: Այս բազմութիւնը հրաշքի կարիք ունի: Այս մանուկը արիւնաքամ կ’ըլլայ: Եթէ կարենամ փրկել անոր կեանքը, կրնամ յարատեւելու յոյս ներշնչել: Անոր յղի քոյրը իր աչքին առաջ բռնաբարեցին, ապա պատռեցին փորը եւ դաշունահարեցին սաղմը: Հօր ****-երը պոկեցին եւ խցկեցին բերանը: Մօր կուրծքերը պատռեցին եւ թողին, որ մեռնի: Դուն ի՞նչ ****  ես, որ Եկեր մեզ կը զբաղեցնես քու անձնական հարցերով»-դ:

7-16-15_ararat-(1)Բժիշկը, սակայն, յիմար կամ ժխտական կերպար մը չէ: Դերասանը քաջ տեղեակ է շրջանի պատմութեան: Կարդացած է անհամար գրքեր: Այո՛ արհեստավարժ լուրջ դերասանի մը համար կարեւոր է ուսումնասիրել կերպարը եւ պատմութիւնը: Բայց Մարթին գացած է շատ աւելի հեռու: Ան իսկապէս կը բաժնէ հայու ցաւը: Ան «կ’ապրի» ժապաւէնը: Այո՛, «Արարատ» բարդ գործ մըն է:

Մարթինի խօսքերը կը պատկերեն «ժապաւէնի մէջ ժապաւէն»-ի նկարագիրը: Սարոյեանի «Արարատ»-ը ներկայացուած է որպէս ծաղրանկար: Այդտեղ կը տեսնենք, օրինակ, որ միասեռական Ալի խանդավառ կը բռնաբարէ հայ մայր մը, որ գաղտնօրէն բռնած է սայլի տակ պահուըտած իր սարսափահար աղջնակին ձեռքը, մինչ չորս դին կ’ընթանայ սահմռկեցուցիչ նախճիր: Բեմադրիչ Սարոյեան, սակայն, դժգոհ է: Տեսարանը «էն չի»: Կը հրահանգէ կրկնել պատկերը, այս անգամ` աւելի ակներեւ «զգացումով»:

7-16-15_3araratՍարոյեան կը նկարէ լայն պաստառի տեսարաններ, որոնց կ’ընկերակցի ծաւալին պատշաճ ֆիլհարմոնիք

երաժշտութիւն: Կը գործածէ լոյսի այնպիսի ֆիլթրեր (քամոց), որոնք տեսարանին կու տան հնամաշ օրաթերթի մը նկարներու, եւ կամ գունատ վաւերագրական երիզի մը երեւոյթը: Վանի փողոցները կը նմանին Հոլիվուտի սթիւտիոներուն: Բեմադրիչ Սարոյեան հազիւ միջակութիւն մըն է: Աւելի՛ն. Սարոյեան մղձաւա՛նջ մըն է: Ա՛յն է, ինչ Էկոյեան երբեք պիտի չուզէր ըլլալ:

Սարոյեան նաեւ տգէտ է: Ան կը գործածէ հայկական շապլոն նուռը: Արեւմուտքի մէջ, սակայն, նուռը դժոխքի աստուածութեան Հատեսի կնոջ` Փըրսըֆոնի խորհրդանիշն է, մահուան խորհրդանիշը:  Ակնյայտ է, որ Սարոյեան օտարներու հետ կը խօսի «հայերէն»: Տուն-տուն կը խաղայ:

Էկոյեան իր առաջին իսկ գործին` «Օփըն արմզ»-ի մէջ (1984) ձաղկած է «Սարոյանական» մօտեցումը հայկական բներգերուն: (8) Անոնք, որոնք Սարոյեանի ֆիլմը քարոզչական իմաստով օգտակար կը նկատեն, պարտին աւելի ուշադիր հետեւիլ: Արեւմտեան հանդիսատեսին համար նման ժապաւէն պարզապէս «անդիտելի» է: Հարիւրամեակի առիթով պատրաստուած եւ աշխուժօրէն պատրաստուող ժապաւէններու լուրջ տոկոսը, ցաւօք, «սարոյեանական» է:

Սարոյեան առաւել եւս մերժող է: Դեռեւս, Ճեւտեթ պէյի տարազը հագին թուրք դերասանը կը մօտենայ անոր.

Ալի.-  Երբեք չհարցուցիք, թէ ի՛նչ կը մտածեմ պատմութեան մասին:

Սարոյեան.- Մտածելու ի՞նչ կայ:

Ալի.- Թէ ես կը հաւատա՞մ, որ պատահածը ցեղասպանութիւն է:

Սարոյեան.- Չեմ կարծեր, թէ այդ կարեւոր է  (I don’t think that matters):

Սարոյեան ապա Րաֆֆիի միջոցով շամփանիայի շիշ մը կ’ուղարկէ Ալիին: (Իմա՞ստը): Ալի կ’առաջարկէ մոռնալ անցեալը եւ շիշին մէջինը խմել միասին: Րաֆֆի կը մերժէ:  Սարոյեան եւ Րաֆֆի հէգ Ալիի մէջ կը տեսնեն Ճեւտեթը:

Էկոյեան, ինք, մերժող մը չէ: Կ’ընդունի, որ Սարոյեան իրաւունք ունի արտայայտելու իր ցաւը: Որպէս տանջահար վերապրած հայ` Սարոյեան ոչ միայն իրաւունք, այլեւ պահանջ ունի պատմելու: Պատմելու, որպէսզի ապրի: Այնպէս` ինչպէս «Հազար ու մի գիշերներ»-ու Շէհէրազատը պէտք է պատմէր, որպէսզի ապրէր: Դարաւոր իմաստութիւն:

Իսկ թէ ինչո՛ւ պարզամիտ, տգէտ միջակութիւնը կոչուած է «Սարոյեան», յոյժ մեկնաբանելի է: Նկատել, որ առաջին անունը եւ օտար է. William Saroyan – Edward Saroyan. William եւ Edward անգլիական անուններ են:

Էկոյեանի «Արարատ»-ի արհեստագիտական կողմին շուրջ կարելի է խօսիլ: Բայց այդ հասկնալի կրնայ ըլլալ, երբ ժապաւէնը ցուցադրուի քատր առ քատր քննարկուի:

oTuVaNDZLxZZfesByIoWLIuhW5«Արարատ»-ը ոչ թէ Ցեղասպանութեան մասին է, այլ մերժումի (denial): Մենք կը տեսնենք, թէ միայն «թուրք»-ը չէ, որ կը մերժէ: Անի կը մերժէ ընդունիլ, որ ամուսինը մղած է անձնասպանութեան, Տէյվիտ կը մերժէ իր զաւկին միասեռականութիւնը, Սարոյեան կը մերժէ խօսիլ Ալիի հետ …

«Արարատ»-ը ոչ թէ Ցեղասպանութեան մասին է, այլ` Ցեղասպանութեան ընկալման: Կողքի նկարին մէջ մենք կը դիտենք Սարոյեանը, որ խրոխտ եւ յուզուած կը դիտէ իր ձեռակերտը: Usher-Մարթին, բռունցքը շուրթին, հազիւ կը զսպէ իր արցունքները: Մինչ բեմագիրը ժպտուն եւ ինքնագոհ կը դիտէ իր բաւարարուած «յաճախորդ»-ը: Ռուբէն յուզուած չէ, գիտէ, որ ցուցադրուող այդ պատմութիւնը ի՛նք յօրինած է:

Քաղաքական.– Երկու «Արարատ»-ներուն ուղղուած է առ նուազն մէկ շատ լուրջ քաղաքական առարկութիւն. Վանի ընտրութիւնը որպէս թատր: Վանի հերոսամարտը առնչուած էր կամաւորական շարժումին: Երիտթուրքեր կը պատճառաբանեն, որ տեղահանութիւնը, հետեւաբար, «պարտադիր» միջոցառում էր: Պատանի Ոստանիկին յանձնուած նամակը կը հաստատէ վանեցիներուն կապերը արտաքին ուժերու հետ: Օտար հանդիսատեսը պիտի ենթադրէ, որ բռնարարքներ կատարուած են, երբ օսմանեան բանակը կը կատարէր իր սահմանադրական պարտքը, կը պահպանէր երկրի ամբողջականութիւնը, կը պայքարէր արտաքին ուժերու դէմ: Պատերազմը առիթ տուած էր, որ Ճեւտեթ պէյի նման վայրագ տիպարներ խժդուժութիւններ գործեն: Դէհ, ի՞նչ արած, պատերազմը զբօսանք չէ:

Հերոսամարտերը, սակայն, բացառութիւններ էին: Համատարած սպանդը եւ տարագրութիւնը  գործադրուած էին առանց դիմադրութեան: Սպանդը եւ հայաթափումը սկսած էին գործադրուիլ տասնամեակներ առաջ:

Կը կրկնեմ, ինչո՞ւ Վա՛նը ընտրուած է որպէս «Արարատ» ժապաւէնի  թատր:

Այն, որ մաքսատան պաշտօնեան Րաֆֆին կ’արդարացնէ ի հեճուկս առարկայական փաստերու, կը նշանակէ, թէ վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստելու համար ծախսուած ճիգերը եւ գումարները ի զուր կը վատնուին: Այս կէտը կը յանձնեմ ծրագիրը համակարգող պետական յանձնաժողովի ուշադրութեան:

Յետարդի արուեստի քաղաքական կեցուածքը ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է: Էկոյեանի ժապաւէնները կը միտին հաշտուիլ անցեալի հետ, ծածուկ դարանները ազատել «կմախքներէ», յաղագս հոգւոյ հանգստութեան (9): Յետարդի մտաւորականը չի դատեր, չի դատապարտեր: Պարզ է, որ այս հոգեբնապաշտ, սկեպտիկ (թերահաւատ) մօտեցումը անհամատեղելի է պահանջատիրութեան հետ:

«Արարատ»-ը ընտրուած է թերեւս այն պատճառով, որ անոր մէջ տեղ գտած  դասախօսավարի ելոյթները  կրնան ուսանելի ըլլալ օտար հանդիսատեսին համար: Այսպէս մտածողները կ’անտեսեն այն կէտը, որ Էկոյեանի տիպարներու ելոյթները պատմութեան դասեր չեն: Անոնք անհատական ասքեր են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը  «կու լայ ի՛ր Կարապետը»: Այս իմաստով կը խօսին ոչ թէ հայոց պատմութեան, այլ տուեալ անհատի հոգեբանութեան մասին: Էկոյեան կը կազմէ ոչ թէ կուռ պատմական համայնապատկեր, այլ` խայտաբղէտ «խճանկար»: Յետարդիականութիւնը, ըստ էութեան, «հոգեբանական» մօտեցում է: Յետարդի Էկոյեան չ՛ընդունիր նոյնիսկ թէ գոյ է միանշանակ հայոց պատմութիւն: Պարզ է, որ հոգեբնապաշտ, թերահաւատ այս մօտեցումը անհամատեղելի է քաղաքական յանձնառութեան հետ:

Մնացեալ աւելի քան երկու տասնեակ ժապաւէնները պարտ եմ զանց առնել տեղի սահմանափակութեան պատճառով:

Անհաւատալի չէ՞, որ հարիւրամեակի յարիր շարժապատկերներու ցուցադրութիւններ տեղի կունենան ամէնուրեք, ի բաց առեալ «սփիւռքի սիրտ»  Պէյրութի մէջ:  Պէտք է յուսալ:

6 յուլիս 2015

  1. Ծերունիի տանջալի հարցաքննութիւնը տեւած է մօտ 6 ժամ: Յստակ չէ թէ ի՞նչ նոր փաստ յայտնաբերուած է: Նման «հարցաքննութիւններու» ցաւօք կը հանդիպինք 100-ամեակի «վկայակոչական» այլ ֆիլմերու մէջ եւս:
  2. Անգլիացի երգահան-երգիչ որ ունի գլխարկներու եւ շողշողուն հանդերձներու պատկառելի հաւաքածոյ:
  3. Զուգադիպութիւն.- ժողովրդական բարբառի մէջ SOD Սատանու անուններէն մին է:
  4. Տես «Հեղուկ Ինքնութիւնը Էկոյեանի Հարազատին մէջ», «Ազդակ», 11 մարտ 2014:
  5. Քայքայուած (dysfunctional) ընտանիքը եւ տոհմապղծութիւնը մնայուն բներգներ են Էկոյեանի ֆիլմերուն մէջ:
  6. Տես Donna-Lee Frieze, Cycles of Genocide, Stories of Denial: Atom Egoyan՛s Ararat , Genocide Studies and Prevention: An International Journal 2008 Issue 2:
  7. Նկարիչ, արուեստաբան (եւ դասընկեր) Ալեքսան Պէրէճիքլեան իր «Արշիլ Կորքիի Մայրապատումը» յօդուածին մէջ կ’ըսէ թէ «Կորքի նոյն լուծումը կիրառած է նաեւ նոյն տարիներուն իրագործուած այլ դիմանկարներու մէջ, ինչպէս «Ինքնանկարը», …»: Ուրեմն չպէտք է այդտեղ խորհուրդներ խցկել: Տես հեղինակի «Արուեստի Ուղիներով» յօդուածներու հաւաքածոն, Անթիլիաս 2011, էջ 545:
  8. Jonathan Romney, Atom Egoyan, World directors, bfi Publishing, London 2003, էջ 8:
  9. “Skeletons in the closet” մօտաւորապէս կը նշանակէ անցեալի ստուերներ, ուրուներ:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայոց Լեռներու Արուեստագէտը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?