Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Բնութեան Մէջ Կրթութենէն Աւելի Կարեւոր Բան Չկայ»

Սեպտեմբեր 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 31 օգոստոսին իր նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Քենկուրու 2018» միջազգային ուսողութեան եւ «Մեղու 2017» հայոց լեզուի մրցումներուն մրցանակակիրները, Հայաստանի իւրաքանչիւր մարզին եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն լաւագոյն արդիւնք արձանագրած աշակերտները, ինչպէս նաեւ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու 2017-2018 տարեշրջանին բարձր յառաջդիմութիւն ցուցաբերած շրջանաւարտները:

Վարչապետը շնորհաւորած է դպրոցականները` ուսումնառութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ թէ միջազգային մակարդակի վրայ անոնց արձանագրած ձեռքբերումներուն համար եւ Հայաստանի կրթութեան ու գիտութեան նախարարին հետ պարգեւներ` մետալներ, հաւաստագիրներ եւ նուէրներ յանձնած է անոնց:

Կայացած հանդիսութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնելով` վարչապետը բացատրած է, թէ պատճառը այն է, որ բնութեան մէջ չկայ աւելի կարեւոր բան, քան կրթութիւնը, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող ամէն բան կապ ունի կրթութեան հետ` թէ՛ շօշափելի, եւ թէ՛ վերացական-գաղափարական: Ըստ անոր, կրթութեան մակարդակի բարձրացումը շատ կարեւոր է նոր Հայաստանի մէջ եւ անոր ապագային համար: Փաշինեան աշակերտներուն ըսաւ, թէ ներկայիս յաջողութեան նոր բանաձեւը ո՛չ թէ լաւ ծանօթ, լաւ բարեկամ, լաւ թիկունք, լաւ հմտութիւններ ունենալն է, այլ բոլորին համար կարելիութիւններու հաւասար դաշտի ստեղծումը, որպէսզի ամէն մէկը կարենայ ինքզինք փաստել` աւելցնելով, որ ամէնէն բարձր պատասխանատուէն մինչեւ որեւէ մասնագիտութեան տէր անձնաւորութիւն պէտք է արձանագրէ, որ կրթութիւնը որքանո՛վ մաս կը կազմէ իր առօրեայ կեանքին:

«Հայաստանի մէջ, եւ ցաւօք, աշխարհի մէջ տարբեր տեղեր սովորաբար կրթութիւն ըսելով կը հասկնան այն, որ ատիկա յատուկ է երեխաներուն, պատանիներուն, լաւագոյն պարագայի` ուսանողներուն: Բայց կրթութիւնը 21-րդ դարուն իւրաքանչիւր անձի ամէնօրեայ կատարելիքն է, կրթութիւնը 21-րդ դարու մարդու կարեւորագոյն զբաղումն է: Մասնագիտութեան տէր իւրաքանչիւր անձ, անհատ, անխուսափելի կերպով կը կորսնցնէ իր կարելիութիւնն ու ներուժը, եթէ ամէն օր աւելի մտաւորական չէ, աւելի բարձր կրթական ցենզ չունի, քան նախորդ օրը», ըսած է վարչապետը:

Ան նաեւ հաստատած է, որ կրթութիւնը ամէնէն կարեւոր միջոցն է` անձնական առաքելութիւնը գտնելու համար`  աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ցարդ արձանագրած իր յաջողութիւններով այդ ուղիին վրայ կանգնած է արդէն:

Իր խօսքի վերջին բաժինով վարչապետ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ իրենց իւրաքանչիւր քայլի մէջ աշակերտները Հայաստանն ու անոր բարգաւաճումը նկատի ունենան միշտ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Բերքը Աւելցնելու Եւ Գիւղացիին Եկամուտը Բարձրացնելու Ծրագիր Մշակուած Է

Յաջորդը

Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?