Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Խնդիր Կայ Այստեղ

Օգոստոս 31, 2018
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

2018-2019 կրթական տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք մտահոգ վիճակի մէջ:

Լիբանանահայ կրթական համակարգը դժուար վերամուտի սեմին է:

2018-2019 տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները տնտեսական, կրթական, թիւի եւ կրթական մշակի լուրջ հարցերու առջեւ կը գտնուին:

Ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելումի օրէնքը եւ անոր ընկերակցող կրթաթոշակներու բարձրացումը բնականաբար դէպի օտար` ձրիավարժ վարժարաններու հոսք մը ստեղծած է:

Երկարաժամկէտ ծրագիրով պետութիւնը յստակօրէն իր պետական ձրիավարժ վարժարաններուն թափ տալու եւ անձնական, համայնքային համեստ եւ միջակ դասակարգի վարժարաններուն դէմ ակնյայտ պայքար կը մղէ:

Հայկական վարժարաններէն դէպի օտար վարժարաններու հոսքը կը շարունակուի, միաժամանակ հայկական վարժարանները այս երեւոյթին ի տես եւ նորարարութեան հետ քայլ պահելու անհաւասար ճիգով վարժարանները միացնելու ընթացքի մէջ են: Անցնող տարուան աւարտին դարձեալ աւելի քան 50 ուսուցիչներ գործէ արձակուեցան խտացումի, միացումի պատճառով: Յիշենք, որ անցեալ տարեշրջանին նոյնքան թիւով ուսուցիչներ գործէ արձակուած էին:

Յարանուանական վարժարաններէն չորսէն երկուքը տնօրէն չունին եւ տնօրէն խորհուրդով կը գործեն: Այլ յարանուանութեան պատկանող  վարժարաններէն չորսին մէջ ալ թիւի զգալի անկում կայ, եւ ներքին մրցակցութեան պատճառով վարժարանները դժբախտաբար թուային առումով տժգոյն վերամուտի մը կը սպասեն:

Երրորդ յարանուանութեան պարագային`  վարժարաններու պատասխանատուները դարձեալ վերանորոգման որոշում ունին: 2019-2020 տարեշրջանին ալ վարժարանի մը երկրորդականը փակելու որոշում տուած են: Միւս կողմէ` միութենական երկու վարժարաններ տարուէ տարի թիւի նահանջ կ՛արձանագրեն: Նորակառոյց մանկամսուրներու ակնկալած թիւը դժբախտաբար առաջին տարին պիտի չհասնի իր նպատակին:

Այս պայմաններով կը դիմաւորենք 2018-2019 կրթական տարեշրջանը: Գաղութի մը զօրութեան ցուցանիշը իր կրթական օճախներն են: Այսօր լիբանանահայ վարժարանները տնօրէնի թեկնածու չեն գտներ: Հայրենաւանդ նիւթերու ուսուցիչներ չեն պատրաստեր:

Չենք գիտեր` ո՛ւր կ՛երթանք:

Չենք զգար, որ տագնապող կայ:

Չենք տեսներ, որ հարցերը ըստ էութեան ընկալող կայ:

Լիբանանի նման գաղութ մը փաստօրէն վերամուտը կը դիմաւորէ այս դժուարութիւններով: Ինչպէ՞ս կը բացատրուի այս մէկը: Ընդհանրապէս ազգային հաստատութիւններու հանդէպ նոր սերունդին անվստահութի՞ւնն է:

Կարծէք ստեղծուած է այնպիսի մթնոլորտ մը, որ նոր, թարմ, խոստմնալից եւ ատակ ու պատրաստուած ուժեր չուզեն ծառայել մեր մօտ:

Լիբանանը, այս բոլորէն ետք, դարձեալ կը հաստատեմ, բնական ներուժ ունի, որ բնականաբար մեր սերունդները հայօրէն մեծնան, մտածեն եւ զգան: Կը մնայ ճիշդ մարդիկը ճիշդ տեղը դնել:

 

 

Նախորդը

Պահակները Արթուն Են. ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Բանակումին Առիթով

Յաջորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Comments 1

  1. Varoujan Garabedian says:
    7 years ago

    Աս գրողին ըսածը մէկուն ականջին հասա՞ւ. դպրոցներու պատասխանատուները եւ ուրիշ պատասխանատուներ, ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ աս գրութենէն բան մը հասկցա՞ն: Մէկը կը մտածէ՞ որ մեր դպրոցներուն աշակերտները ինչնէս կրնանք շատցնել, աշխարի վրայ ի՞նչ ձեւեր կան դպրոցներւ դրամական դժուարութիւնները տարմանելու համար: Օտար երկիրներու մէջ հայ աշակերտներուն մեծ մասը օտար դպրոց կերթայ ըսելով աշխարհը տակն ու վրայ կընենք, կամ անանկ տպաւորութիւն կըստեղծենք, իսկ հոս, Լիբանանի մէջ տարիներէ ի վեր նոյնը կըլլայ եւ երբ մէկը այս մասին խելացի բան մը ըսէ, մտիկ չենք ըներ: Միայն կարդալը չի բաւեր, մէջը ըսուած առաջարկներն ալ կարեւոր են, դրամ, ուսուցիչ, լաւ դպրոց: Մէկ կողմէ գրեր է որ 100 ուսուցիչ գործէ հաներ ենք, միւս կողմէ ալ տնօրէն չենք կրնար գտնել: Ասոնց մասին ո՞վ մտածեր է: Ե՞րբ պիտի մտածենք եւ գրողին ըսածը գործի դնենք…

    Reply

Leave a Reply to Varoujan Garabedian Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?