ՈՒԵՖԱ-ն իր պաշտօնական կայքին մէջ ներկայացուցած է նախորդ մրցաշրջանի լաւագոյն կոլի քուէարկութեան արդիւնքները:
Քուէարկութեան մասնակցած են աւելի քան 346 հազար համակիրներ: Լաւագոյնը ճանչցուած է Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կոլը, որ ան նշանակած է Եուվենթուսի բերդին մէջ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8 հանգրուանի առաջին մրցումին (3-0)` ըլլալով Ռէալի ֆութպոլիստ:
Այս առիթով Ռոնալտոն արդէն շնորհաւորած են իր նոր ակումբը` Եուվենթուսը, մարզիչն ու մարզիկները:
Եուվենթուսի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակած է այդ կոլին տեսանիւթը եւ գրած. «Կը շնորհաւորենք, Քրիսթիանօ՛: Մրցաշրջանի լաւագոյն կոլի մրցանակը քուկդ է»: