Լեսթըր Սիթիի յառաջապահ Ճէյմս Վարտի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կազմը լքելու որոշում տուած է: Այս մասին կը յայտնէ «Կարտիըն» թերթը, ըստ որուն, 31-ամեայ ֆութպոլիստը իր որոշման մասին արդէն տեղեակ պահած է ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարեթ Սաութկէյթը: Այս որոշումը Վարտի բացատրած է ընտանիքին հետ աւելի շատ ժամանակ անցընելու ցանկութեամբ եւ տարիքով: Յունուարին ֆութպոլիստը պիտի դառնայ 32 տարեկան:
Ճէյմս Վարտի Անգլիոյ հաւաքականի կազմին մէջ առաջին մրցումը կատարած է 2015 թուականի մայիսին եւ ատկէ ետք միշտ մաս կազմած է խումբին: Այս ընթացքին Վարտի ազգային հաւաքականի կազմին մէջ մասնակցած է 26 մրցումներու` նշանակելով 7 կոլ:
Իսկ Չելսիի յետսապահ Քահիլ, որ 32 տարեկան է, Անգլիոյ հաւաքականին տարազով 5 կոլ նշանակած է 61 մրցումներու ընթացքին` առաջին անգամ հաւաքականին մաս կազմելով 2010 թուականին: Ան քանի մը անգամ հաւաքականին խմբապետը եղած է:
«Ես այժմ կը տեսնեմ ուղղութիւնը դէպի աւելի երիտասարդ սերունդ: Կը խորհիմ, որ ասիկա ամէնէն կատարեալ ժամանակն է, որ ես ետքայլ ընեմ», ըսաւ Քահիլ` աւելցնելով, որ մեծապէս պատուուած է իր երկրին համար խաղալով, եւ թէ դուռը ամբողջովին չի փակեր:
«Ես ըսի, որ եթէ ապագային մարզիկներ վիրաւորուին եւ իմ կարիքս զգացուի, անշուշտ ես տրամադրելի եմ», ըսաւ Քահիլ: