Թենիսի մարզաձեւի աշխարհի թիւ մէկ դասուած Ռաֆայէլ Նատալ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց մրցաշարքին առաջին հանգրուանին` Տէյվիտ Ֆերերի հետ մրցումին մասին:
Կրան շլեմ շարքի վերջին մրցաշարքի բացման խաղին երկրորդ սեթին, երբ մրցումը կ՛ընթանար 3-6, 4-3 արդիւնքով, Ֆերեր վիրաւորուեցաւ եւ չկրցաւ շարունակել:
«Շատ տխուր եմ Ֆերերի պատահածին պատճառով: Ասիկա Մեծ մաղաւարտի մրցաշարքերուն մէջ անոր վերջին մրցումն էր: Ան արժանի էր խաղերը լաւագոյնս աւարտելուն, բայց այսպիսին է կեանքը: Համոզուած եմ` այն մրցաշարքը, որ Տէյվիտ կ՛ընտրէ իր ասպարէզը աւարտելու համար, աւելի յաջող ընթացք կ՛ունենայ: Տէյվիտ իմ ընկերս է, անոր հետ սքանչելի օրեր անցուցած ենք: Ան Սպանիոյ մեծագոյն մարզիկներէն մէկնէ», ըսաւ Նատալ: