Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ միջնապահ Քեւին Սթրոթման հռոմէական ակումբէն տեղափոխուած է Մարսէյ:
«Գայլեր» ակումբը կը տեղեկացնէ, որ Մարսէյ մարզիկին համար վճարած է 25 միլիոն եւրօ, 3 միլիոն եւրօ եւս` հաւանական նուէրներով:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Սթրոթման իր կամքին հակառակ կը տեղափոխուի Մարսէյ:
Իտալական մամուլին մէջ նշուած էր, որ հոլանտացի ֆութպոլիստը իր ընկերներուն ըսած է. «Ռոմա կը վաճառէ զիս: Ես ստիպուած եմ հեռանալ»:
Այս լուրերուն վերաբերեալ Ռոմայի մարզական տնօրէն Ռամոն Մոնչի իր մեկնաբանութիւնը տուած է. «Ոչ ոք Սթրոթմանի գլխուն ատրճանակ դրած է: Ան համաձայնած է տեղափոխուիլ»:
Սթրոթման Ռոմայի մարզիկ է 2013 թուականէն: Այս ընթացքին ան մասնակցած է 130 մրցումի եւ նշանակած 13 կոլ: