Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Ազրպէյճանի անդամակցութեան հարցը դիտարկելու պարագային Հայաստան պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը:
28 օգոստոսին տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեան` անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ տարբեր շրջանակներու մէջ խօսակցութիւններ կը շրջանառուին ՀԱՊԿ-ին եւ ԵՏՄ-ին Ազրպէյճանի հաւանական անդամակցութեան մասին:
«Վերլուծական շրջանակներուն մէջ այդպիսի քննարկումներ իսկապէս տեղի կ՛ունենան, բայց այդ շրջանակներուն մէջ քննարկումները կ՛իրականացուին ենթադրեալ տեղեկատուութեան հիման վրայ: Ես բարձրաձայնեմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը. եթէ նման հարց դիտարկուի, Հայաստան պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը», ընդգծեց ան:
Նաղդալեան յստակացուց, որ ՀԱՊՀ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ որոշումները կը տրուին համաձայնութեան հիման վրայ: «Մենք այս առումով մեր դիրքորոշումը յայտնած ենք, եւ այդ դիրքորոշումը երկակի մեկնաբանութիւններու տեղիք չի տար: Այդ դիրքորոշումը յստակ բարձրաձայնուած է արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանի կողմէ», եզրափակեց Աննա Նաղդալեան: