Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Աշոտեան 27 օգոստոսին ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Մարթին Սոննպորնը, որ Հայաստան կը գտնուի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան:
Արմէն Աշոտեան անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան եւրոպական շառաւիղին, կարեւոր նկատուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրի դերն ու անոր ըստ կարելւոյն արագ վաւերացումը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ազգային խորհրդարաններուն կողմէ: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են Եւրոպական Միութեան հետ աւելի արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու զարգացումը, որուն առնչութեամբ Արմէն Աշոտեան նշած է, որ Հայաստանը այս ժամանակաշրջանին Եւրոպական Միութենէն կ՛ակնկալէ քաղաքական հարցերու մէջ աւելի թիրախային քայլեր եւ աջակցութիւն:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Արմէն Աշոտեան նշած է, որ հիմնախնդիրին մէջ առանցքային է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեան գործադրումը` աւելցնելով, որ խնդիրը չի կրնար ունենալ զինուորական լուծում: Շրջանային կայունութեան խնդիրներու շրջագիծին մէջ Աշոտեան կարեւոր նկատած է սպառազինութիւններու մրցավազքի կանխարգիլման միջազգային ջանքերը:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով Հայաստան գտնուող եւրոպացի երեսփոխանը հանդիպում ունեցած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: