Թուրքիոյ մէջ գործող «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի» միութիւնը, որ սովորաբար հանդէս կու գայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին փաստերը հերքող արշաւներով, այս անգամ Համշէնի հայերու ծագումին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է` պնդելով, որ վերջիններս թուրք են:
Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը գրէ, որ միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ յայտարարած է, թէ Հայաստանն ու հայկական լոպին գաղտնի ծրագիրներ ունին համշէնցիներուն վերաբերեալ եւ ամէն ձեւ կը փորձեն զանոնք ապակողմնորոշել` պնդելով վերջիններուս` իսլամացուած հայեր ըլլալու եւ Համշէնի մէջ խօսուող բարբառի հայերէն ըլլալուն մասին:
Ըստ Կիւլպէյի, հայերը կը փորձեն «խառնել տեղւոյն ժողովուրդին զաւակներուն ուղեղները», մինչդեռ վերջիններս իսկական թուրքեր են: