Մասնակցութեամբ 10 խումբերու (3 լիբանանեան, 5 արաբական եւ 2 եւրոպական), 15-22 հոկտեմբեր 2018-ին տեղի պիտի ունենայ Հուսամէտտին Հարիրիի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը:
Այս գծով տեղի ունեցաւ յատուկ ժողով մը մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Ֆիտաա ակումբի նախագահ Նիզար Ռաուասի, Ռիատիի ընդհանուր քարտուղար Հիշամ Ժրատիի եւ ակումբի մարզական բաժանմունքի պատասխանատու, լրագրող Սուպհի Քըպլաուիի միջեւ:
Անոնք մրցաշարքին կայացման համար այս թուականը որոշեցին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ խորհրդակցելէ եւ անոր հաւանութիւնը առնելէ ետք:
Մրցաշարքին գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրուին յառաջիկային: